Այսօր՝ 5 Դեկտեմբեր 2011ի առաւօտուն, աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ֆրանսայի վարչապետի ներկայացուցիչ Ատրիէն Կութէյրոնի միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։
Վարչապետին ներկայացուցիչը Եգիպտոսէն յետոյ այցելած էր Լիբանան, աւելի մօտէն ծանօթանալու շրջանէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերուն եւ այդ ծիրէն ներս՝ քրիստոնեայ համայնքներու տեսակէտներուն:
Արամ Ա. Կաթողիկոս լայնօրէն բացատրեց իր տեսակէտը Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող շարժումներուն ու փոփոխութիւններուն նկատմամբ՝ յատկապէս ծանրանալով քրիստոնեայ համայներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Վեհափառը ըսաւ, թէ վարչաձեւի փոփոխութիւնը պէտք չէ նկատել իբրեւ վախճանական նպատակ, այլ՝ շօշափելի քայլ մը դէպի ժողովրդավարութիւն առաջնորդող: Սակայն երբ ժողովրդավարութիւնը պիտի հիմնուի իսլամական բացարձակ սկզբունքներու վրայ, ան կրնայ լուրջ դժուարութիւններու դիմաց դնել քրիստոնեայ համայնքները: Յարգելով հանդերձ իսլամ մեծամասնութեան կրօնական սկզբունքները, Վեհափառը յայտնեց թէ անոնք պէտք չէ ըլլան ի հեճուկս քրիստոնեայ համայնքներու քաղաքական կեանքին ամբողջական մասնակցութեան: «Այլ խօսքով, ժողովրդավարական սկզբունքները ու անոնց վրայ հիմնուած քաղաքական սիստեմը պէտք է համահաւասար մօտեցում որդեգրէ բոլոր քաղաքացիներու պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն նկատմամբ»,- շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:
Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառը այս հանգրուանին կարեւոր նկատեց Եւրոպայի զօրակցութիւնը քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ «պատմական, մշակութային ու կրօնական խորունկ կապեր գոյութիւն ունին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն եւ Եւրոպայի միջեւ: Ժամանակն է, որ առանց միջամտելու շրջանի երկիրներու ներքին կեանքին, Եւրոպան լրջօրէն յիշեցնէ, որ ժողովրդավարութեան ընթացքին մէջ գտնուող Միջին Արեւելքը կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենայ քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները»:
Անդրադառնալով քրիստոնեայ համայնքներու ներքին կեանքին՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց քրիստոնական միասնականութեան շօշափելի արտայայտութիւն տալու հրամայականը: Վեհափառ Հայրապետին համաձայն, կարելի է այս նպատակին հասնիլ շարք մը բնագաւառներէ ներս գործակցութիւն յառաջացնելով եկեղեցիներուն միջեւ, շրջանի եկեղեցիներու եւ անոնց սփիւռքին միջեւ յարաբերութիւնը դարձնելով աւելի կազմակերպ, ինչպէս նաեւ միջ–եկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ծաւալելով Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եւ Եւրոպական եկեղեցիներուն միջեւ:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ անցեալ շաբաթ Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին ու անոր ձեռք ձգած արդիւնքներուն: Բնականաբար, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ պատասխանեց Ֆրանսայի Վարչապետին արծարծած կարգ մը հարցերուն:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարին վերջերս Թուրքիոյ մէջ կատարած յայտարարութեան, ուր կ’ըսէր որ «Ֆրանսան պատրաստ է հայերէ ու թուրքերէ բաղկացած յանձնախումբ մը հիւրընկալելու՝ քննելու համար 1915ին պատահած ցաւալի դէպքերը»: Վեհափառը յստակօրէն յայտնեց Վարչապետի ներկայացուցչին թէ նախարարին այս յայտարարութիւնը մեծ վրդովում մը յառաջացուցած է մեր ժողովուրդին մօտ. «ինչպէ՞ս կ’ըլլայ երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը եւ վերջին երեք նախագահները պաշտօնապէս ճանչցած են հայկական ցեղասպանութիւնը, երբ Ֆրանսայի նախագահը վերջերս Հայաստանի մէջ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայկական ցեղասպանութեան գծով, նոյն երկրին նախարարը բոլորովին հակառակ յայտարարութիւն մը կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ»,- ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Վարչապետին ներկայացուցիչը պատասխանելով Վեհափառ Հայրապետին, յիշեցուց թէ ինք կը սպասէր այս հարցին արծարծումը Վեհափառին կողմէ, եւ իր ամբողջական համակրանքը արտայայտելով հայ ժողովուրդին նկատմամբ, յայտնեց, թէ ճիշդ է, Ֆրանսան Ցեղասպանութիւնը ընդունած է սակայն միւս կողմէ չենք կրնար անտեսել Թուրքիոյ դերը շրջանէն ներս եւ անոր յարաբերութիւնը Եւրոպայի հետ: Այս նիւթին գծով Վեհափառ Հայրապետին եւ վարչապետի ներկայացուցիչին խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ, որու ընթացքին Վեհափառը դարձեալ շեշտեց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Պրն. Կութէյրոն այցելեց Նահատակաց յուշարձանը եւ իր յարգանքը մատուցեց հայկական ցեղասպանութեան զոհ մէկուկէս միլիոն մեր նահատաներուն:
05.12.2011
Tert.am
Leave a Reply