«Թող տերսիմցիները ներողութիւն խնդրեն թրքական պետութենէն, որովհետեւ անոնց մեծ հայրերը ստոր դաւաճաններ են». Կէօքչէ Ֆըրաթ

Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ հրապարակուած Յակոբ Չաքրեանի հետեւեալ ակնարկը.

Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան իր կուսակիցներուն առջեւ ունեցած ելոյթին մէջ անդրադարձած էր 1937-1938ի Տերսիմի իրադարձութիւններուն: Թուրք պատմագրութեան մէջ իբրեւ ապստամբութիւն բնութագրուող այդ իրադարձութիւնները ան որակած էր «Տերսիմի Կոտորած» եւ ըսած. «Եթէ պէտք է պետութեան անունով ներողութիւն խնդրել, ես պիտի խնդրեմ եւ կը խնդրեմ»:

Ի դէպ, 2005ին Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) մէջ Թուրքիոյ վարչապետը քիւրտերուն դիմած էր յայտարարելով. «Գիտեմ, որ բազմաթիւ անարդարութիւններու ենթարկուած էք: Անոր համար ես ներողութիւն կը խնդրեմ մեր քիւրտ քաղաքացիներէն»: Թէեւ Տերսիմի կոտորածներուն համար զազաներէն, իսկ անարդարութիւններու համար երկրի քիւրտ բնակչութենէն վարչապետին ներողութիւն խնդրելը, ան ալ պետութեան անունով, բացառիկ է Թուրքիոյ պատմութեան մէջ, սակայն դժուար է կռահել, թէ ի՞նչ հետեւանքներ պիտի ունենայ:

Յամենայն դէպս 2005ին Թուրքիոյ մէջ բնակչութեան մէկ քառորդը կազմող քիւրտերէն վարչապետ Էրտողանի ներողութիւնը ամենեւին ալ չէ բարելաւած անոնց վիճակը, ոչ ալ յանգեցուցած է սեփական պատմութեան հետ Թուրքիոյ Հանրապետութեան առերեսման: Այդ պարզապէս Տերսիմի իրադարձութիւններուն նկատմամբ վերաբերմունքի փոփոխութեան նախապայման ստեղծած է երկրին մէջ եւ պատճառ դարձած, որ հարցը աշխուժօրէն վերարծարծուի:

Անով հանդերձ, վարչապետ Էրտողանի ներողութեան արձագանգները միանշանակ չեն Թուրքիոյ մէջ: Օրինակ Էրտողանին բուռն հակազդեցութեամբ արձագանգած է «Թրքական Ձախակողմեաններ» հանդէսի հեղինակ Կէօքչէ Ֆըրաթ: Ան ինչպէս 28 Նոյեմբերին վկայած էր «Սի.Էն.Էն. Թուրք»ը, «Թող Տերսիմցիները Ներողութիւն Խնդրեն Պետութենէն» վերնագրով յօդուածին մէջ փաստօրէն նոր կոտորածի կոչ ըրած է՝ գրելով. «Տերսիմցիներու մեծ հայրերը պետութեան դէմ ապստամբած դաւաճաններ են: Զինուած եւ ըմբոստացած էին, որ հիմնայատակ կործանեն թրքական պետութիւնը: Ով տերսիմցիներ իմացէք, որ ձեր մեծ հայրերը, ինչպէս Փէ.Քէ.Քէ.-ի դաւաճանները կ’ընեն, զինուած ապստամբութիւն բարձրացուցած էին ընդդէմ պետութեան, հետեւաբար մեր պետութիւնն ալ իրաւացիօրէն զէնքով ոչնչացուցած է անոնց: Լա՛ւ ըրած է, դեռ աւելին պէտք է կատարած ըլլար: Այդ պարագային արդէն իր մեծ հօր անունը յիշատակող հայրենիքի դաւաճանի ոչ մէկ վաստակ մեր երկրին մէջ այլեւս չէր ըլլար: Այն տականքները որոնք հետեւելով իրենց դաւաճան մեծ հայրերուն կը կարծեն, որ Տերսիմի չորրորդ ապստամեութիւնը կը բարձրացնեն, թող անհոգ ըլլան, անոնք պիտի արժանանան իրենց մեծ հայրերու ճակատագրին»:

02.12.2011

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ