ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ
եւ խմբագիր
Անցեալ շաբաթ մեծ խառնաշփոթ ստեղծուեցաւ թուրք հասարակութեան մօտ, երբ վարչապետ Էրտողան անսպասելիօրէն ներողութիւն խնդրեց 1930ական թուականներուն Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը քիւրտերու դէմ կատարուած կոտորածներուն համար, որոնց մասին մինչ օրս արգիլուած էր խօսիլ:
Քիւրտերու կոտորածներուն եւ Հայերու Ցեղասպանութեան միջեւ քանի մը բացայայտ նմանութիւններ կան: Ապստամբութիւնը ճնշելու քօղին տակ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, Քեմալ Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ, հրամայեց սպաննել եւ տեղահան ընել տասնեակ հազարաւոր ալաուի քիւրտեր Տերսիմէն, որ ներկայիս յայտնի է Թունճելի անունով: Թրքական ռազմական ինքնաթիռները ռմբակոծեցին եւ թունաւոր կազեր արձակեցին լեռնային քարանձաւներու մէջ պատսպարուած քիւրտերու վրայ:
Հեգնականը այն է, որ ռմբակոծութիւններուն կը մասնակցէր Սապիհա Քէօքչեն՝ Թուրքիոյ առաջին կին օդաչուն, որ Աթաթիւրքի կողմէ որդեգրուած հայ որբուհի մըն էր: Քէօքչեն, անգիտակցաբար, մասնակից եղաւ ոչ միայն քիւրտերու, այլեւ 1915 թուականի Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ Տերսիմի մեկուսացուած շրջանին մէջ ապաստանած իր ազգակիցներու ոչնչացման:
Տերսիմի կոտորածներու անակնկալ ճանաչումով, Էրտողան ոչ թէ անկեղծ ցանկութիւն ունէր ջուրի երես հանել պետութեան կողմէ իրականացուած յանցագործութիւնը, որ կը թաքցուէր երկար տարիներէ ի վեր, այլեւ նպատակ ունէր վարկաբեկել իրեն հակառակորդ քաղաքական մրցակիցին՝ Քեմալ Քըլըչտարօղլուին, որուն գլխաւորած Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը (ՀԺԿ) կանգնած էր իշխանութեան գլուխը, երբ քիւրտերու նկատմամբ իրականացան նշեալ վայրագութիւնները:
Էրտողան խորամանկօրէն յաջողեցաւ ձեռք բերել հասարակական մեծ համակրանք, մասնաւորապէս երբ Քըլըչտարօղլու, որպէս բնիկ տերսիմցի, կորսնցուցած ըլլալով իր ընտանիքէն շատ անդամներ՝ մերժեց շրջել ՀԺԿի երկարամեայ մօտեցումը՝ թաքցուած կոտորածները բացայայտելու մէջ:
Տեսնելով իր մրցակիցին աւելի մեծ հարուած հասցնելու հնարաւորութիւնը՝ վարչապետ Էրտողան ելոյթ ունեցաւ պարկերասփիւռէն՝ պետական արխիւներէն երեւան բերելով շարք մը կարեւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը ներկայացնէին քիւրտ տղամարդոց նկատմամբ իրականացած դաժան խոշտանգումներուն մանրամասնութիւնները, կանանց բռնաբարութիւններն ու երեխաներու անդամահատումը: Թատերականօրէն, ան պատռեց Տերսիմի կոտորածներուն նուիրուած կառավարութեան կեղծ զեկոյցը:
Ի պատասխան Էրտողանի յարձակումներուն, Քըլըչտարօղլու վերջապէս հանդէս եկաւ անակնկալ յայտարարութեամբ մը: Թէեւ ան մերժած է ճանչնալ Տերսիմի ջարդերը, այնուամենայնիւ, ան յայտարարեց, թէ ներողութիւն խնդրելը բաւարար չէ: Ան Էրտողանէն պահանջեց բացայայտել այս հարցին առնչութեամբ արխիւին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր փաստաթուղթերը, եւ վերադարձնել քիւրտերէն առգրաւուած գոյքը:
Վարչապետին անակնկալ ներողութիւնը Թուրքիայէն ներս մեծ բանավէճի առիթ դարձաւ: Լրատուական միջոցներու որոշ մեկնաբաններ, Էրտողանի կողմէ Տերսիմի կոտորածներուն ճանաչումը դիտեցին որպէս ոչ միայն միլիոնաւոր ալաուի ընտրողներու կողմէ Քըլըչտարօղլուին ցուցաբերուած աջակցութիւնը խոչընդոտելու, այլեւ Աթաթիւրքի ժառանգութիւնը արժեզրկելու փորձ: Այլ վերլուծաբաններ յոյսի նշոյլներ տեսան այն գծով, որ Էրտողան կը պատրաստուի ճանչնալու Թուրքիոյ պատմութեան մնացեալ մութ դրուագները՝ ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Քըլըչտարօղլու, իր կարգին, փորձեց Էրտողանը վարկաբեկել՝ զայն մեղադրելով որ կը պատրաստուի ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ անոր մտածելակերպը նոյնացնելով սփիւռքահայերու մտածելակերպին: Էրտողան անմիջապէս հակադարձեց՝ այդ համեմատութիւնը իբրեւ վիրաւորանք ընդունելով իր անձին նկատմամբ, նաեւ խստօրէն յանդիմանեց եւ զգուշացուց իր քաղաքական հակառակորդը, որ նման զուգահեռներ չգծէ:
Էրտողանի ցեղապաշտական արձագանգը լաւ չընդունուեցաւ անոնց կողմէ, որոնք կը պնդէին, թէ «հրաշագործ ճենը դուրս եկած է շիշէն», յուսալով, որ քիւրտերուն ուղղուած վարչապետին ներողութիւնը նախադէպ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերջնականապէս ճանչնալու համար: Տերսիմի կոտորածներուն ուղղութեամբ վարչապետին կողմէ կատարուած աղաւաղուած յայտարարութիւնները ուշադիր ուսումնասիրելով, չես կրնար չնկատել անոնց ահաւոր նմանութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ ժխտողական տեսակէտներուն: Անոնք են՝
1- Նուազեցնել քիւրտերու զոհերուն թիւը տասնեակ հազարաւորներէն մինչեւ 13,800ի.
2- Քիւրտերուն ջարդերը նկարագրել պարզապէս որպէս «սպանութիւն» կամ՝ «դէպքեր».
3- «Սպանութիւններ»ուն մեղքի բաժինը բեռցնել աւելի շատ հակառակորդ քաղաքական կուսակցութեան ուսերուն, քան՝ Թուրքիոյ պետութեան.
4- Ոչ մէն փոխհատուցում առաջարկել քիւրտ զոհերու ժառանգորդներուն:
Բոլոր անոնք, որոնք միամիտ յոյսեր կը փայփայեն այն մասին, թէ Էրտողան շուտով հանդէս պիտի գայ նմանատիպ ներողութեամբ մը Հայոց Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ, վստահաբար պիտի յուսախաբուին: Իրականութեան մէջ, Թուրքիոյ ներողութիւնը աւելի շատ պիտի վնասէ Հայկական հարցը, քանի որ անիկա կը յուսալքէ որոշ հայեր Թուրքիայէն փոխհատուցում պահանջելու հարցով, կ՛ապակողմնորոշէ միջազգային համայնքը՝ մղելով անոր մտածելու, թէ հայերուն պահանջները այժմ ամբողջութեամբ բաւարարուած են, եւ այդպիսով՝ հայերը կը զրկուին հետագային իրենց Ազգային դատին համար քաղաքական աջակցութիւն ստանալէ:
Աւելին, եթէ Էրտողան ներողութիւն խնդրէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար, ապա միջազգային համայնքը անոր գովքը պիտի հիւսէ, պիտի առաջադրէ անոր թեկնածութիւնը Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին, եւ պիտի աջակցի Եւրոպական Միութեան մէջ Թուրքիոյ թեկնածութեան:
Միջազգային համայնքը պէտք է փոխարէնը պահանջէ, որ Էրտողան ամբողջութեամբ ճանչնայ հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ քիւրտերու ցեղասպանութիւնը, հանդէս գայ անկեղծ ներողութեամբ, փոխհատուցում առաջարկէ եւ վերադարձնէ առգրաւուած կալուածները միլիոնաւոր անմեղ զոհերու ժառանգորդներուն:
Թարգմանեց
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ
http://asbarez.com/arm/116359/
Leave a Reply