ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական լրատուամիջոցներ, վկայակոչելով Ատրպէյճանի ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը՝ կը յայտնեն, թէ Հոկտեմբեր 29-30ին, Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ ատոր վերակենդանացման հեռանկարները» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողով մը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ խորհրդաժողովը, որուն պիտի մասնակցին հայ, ատրպէյճանցի ու թուրք փորձագէտներ, ինչպէս նաեւ Միջազգային ճգնաժամային խմբակի եւրոպական ծրագիրներու համակարգող Սապինա Ֆրէյժըր եւ «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանէն փրոֆ. Քորի Ուելթ, կազմակերպուած է թրքական քանի մը համալսարաններու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կից Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնին աջակցութեամբ։
Leave a Reply