Վանի աւերիչ երկրաշարժէն մէկ օր առաջ Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սբ. Կիրակոս եղեկեցւոյ բացման եւ օծման արարողութեան մասնակցելու նպատակով Արեւմտեան Հայաստան մեկնած էին ԱԺ պատգամաւոր Արագած Ախոյեան եւ “Ակունք” խումբի ներկայացուցիչները: “Եթէ նայենք Վանի աշխարհագրական դիրքը, ապա Տիգրանակերտ ժամանող հիւրերը իջեւանում են Վանում, որովհետեւ ճանապարհի վրայ է: Եւ որպէս պատմական հայրենիքի մի հատուած` հայերը հիմնականում իջեւանել էին Վանում”,- նշեց Աժ պատգամաւորը` աւելցնելով, որ յաջորդ օրը իրենք ճանապարհորդած են Տիգրանակերտ: Եկեղեցւոյ օծման արարողութենէն ետք, Հոկտեմբեր 23ին` Մուշ, Սասուն ուղեւորուելու ընթացքին, Արագած Ախոյեան Հայաստանէն հեռախօսով տեղեկացած է Վանի երկրաշարժի մասին եւ անձնական կապերով ճշդած մանրամասները. “Տուեալներ ունէինք, որ Վանում զոհերի թիւը մի քանի անգամ աւելի շատ էր, քան պաշտօնապէս յայտարարուել էր”,- ըսաւ պատգամաւորը` աւելցնելով, որ իրենց ունեցած տեղեկութիւններով` երկրաշարժի ժամանակ Վանի մէջ հայկական զբօսաշրջային որեւէ խումբ չէ եղած:
Արագած Ախոյեան եւ խումբի միւս անդամները Վանի իշխանութեան առաջարկած են իրենց օգնութիւնը: Կապի գերծանրաբեռնուածութեան պատճառով անոնք հեռախօսով խօսած են ո՛չ թէ Վանի քաղաքապետի, այլ՝ այնտեղ գտնուող իր ընկերոջ հետ: Վերջինիս փոխանցած է. “Ինքդ մօտեցիր քաղաքապետին եւ ասա` այստեղ կայ 47 հայ, 47 բահ եթէ մեզ տրամադրէք, մենք այդքանով կարող ենք օգտակար լինել: Դա է մեր հնարաւորութիւնը”: Սակայն մարդասիրական այս առաջարկին Վանէն արձագանգած են. “Շնորհակալ ենք, շնորհակալ”` մերժելով օգնութեան ձեռքը:
28.10.11
Tert.am
Leave a Reply