Հեղինակաւոր “Ռէոթըրզ” գործակալութիւնը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին մասին տեղեկութիւններ հաղորդելու ժամանակ, իբրեւ լրացուցիչ տեղեկութիւն, ներկայացուցած է Վան քաղաքի պատմութիւնը:
Վանի մասին տեղեկութիւններ ներկայացնելու ընթացքին` “Ռէոթըրզ” անդրադարձած է նաեւ թուրքերու կողմէ հայերու դէմ իրականացուած կոտորածներուն եւ բռնագաղթին մասին:
Ինչպէս կը գրէ թրքական “Միլլիյեթ” օրաթերթը, հայերուն վերաբերեալ “Ռէոթըրզ”ի մատուցած տեղեկութեան կոշտ հակազդեցութիւն ցոյց տուած է պաշտօնական Անգարան եւ գործակալութենէն պահանջած է վերախմբագրել Վանի երկրաշարժին մասին տեղեկութիւնը:
“Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Վան նահանգին մէջ Կիրակի տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած է 260 եւ վիրաւորուած 1300 մարդ: Երկրաշարժը յատկապէս մեծ վնասներ հասցուցած է Վան քաղաքին եւ անկէ 100 քլմ դէպի հիւսիս գտնուող Արճէշ գաւառին, ուր կը թաքնուին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) զինեալները: Վերջիններուս կողմէ Վանի հարաւը գտնուող Հաքքարի քաղաքին մէջ Հոկտեմբեր 19ին իրականացած յարձակման ժամանակ սպաննուած է 24 թուրք զինուոր”:
Այս տեղեկութենէն ետք՝ “Ռէոթըրզ” կը ներկայացնէ Վան քաղաքի պատմութիւնը.
“Վանը կը գտնուի Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը` Իրանի եւ Վանայ լիճի միջեւ: Անիկա ունի աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութիւն: Այնտեղ մեծամասնութիւն կը կազմէ քիւրտ բնակչութիւնը: Այդ վայրերուն մէջ ապրող մեծ թիւով հայեր Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն կոտորուած եւ բռնգաղթած են: Այդ շրջանին մէջ յաճախ տեղի կ’ունենան երկրաշարժեր: 1976ին տեղի ունեցած երկրաշարժի ժամանակ զոհուած էր 5291 մարդ, 50 հազար մարդ ալ մնացած էր անտուն”:
“Միլլիյեթ” օրաթերթը փորձած է պարզել` ինչու “Ռէոթըրզ” գործակալութիւնը նման շեշտադրումներով ներկայացուցած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը, եւ եկած է այն եզրակացութեան, որ քիւրդ բնակչութեան եւ հայերու ջարդերուն վերաբերեալ տեղեկութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թուրքերու հանդէպ բացայայտ թշնամանքի դրսեւորում:
“Եթէ Վանի մէջ տեղի ունեցածը ոչ թէ երկրաշարժ, այլ քաղաքական իրադարձութիւն ըլլար, հասկնալի պիտի ըլլար “Ռէոթըրզ”ի խմբագիրներուն կողմէ այդ նիւթի մատուցման ձեւը: Սակայն Վանի մէջ տեղի ունեցածը բնական աղէտ է: Իսկ ի՞նչ կապ ունի այդ երկրաշարժի հետ “Ռէոթըրզ”ի ներկայացուցած յաւելեալ տեղեկութիւնը քիւրտ բնակչութեան եւ հայկական կոտորածներու հետ` “Այնտեղ մեծամասնութիւն կը կազմէ քիւրտ բնակչութիւնը: Այդ վայրերուն մէջ ապրող մեծ թիւով հայեր Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն կոտորուած եւ բռնագաղթած են”: Ո՞րն է Վանի բանկչութեան ցեղական ծագումը շեշտադրելու, պատմութեան խնդրահարոյց էջերուն անդրադարձ կատարելու տրամաբանութիւնը: Մի՞թէ յաւելեալ տեղեկութեան տրամադրումը: Ո՛չ: Այս ամէնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թուրքերու դէմ ուղղուած թշնամանք: Կարծես այդ տեղեկութիւնը հաղորդած է ոչ թէ “Ռէոթըրզ”ը, այլ “Երեւան” լրատուական գործակալութիւնը”,– կը գրէ “Միլլիյեթ”` աւելցնելով. “Սակայն “Ռէոթըրզ”ը թրքական կողմի հակազդեցութեան իբրեւ արդիւնք հանած է վերոնշեալ նախադասութիւնը եւ նիւթը վերաթողարկուած է”:
26.10.11
Tert.am
Leave a Reply