ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Մարդկային Իրաւանց եւրոպական ատեանը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին, արձակուած վճիռով մը անգամ մը եւս Թուրքիան յանցաւոր նկատեց՝ այս անգամ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին ազատ քննարկումը արգիլելու թուրք պատմագէտ Թաներ Աքչամը հալածելուն համար:
Աքչամ դատը բացած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ՝ պնդելով, թէ Ցեղասպանութեան հարցը չարծարծելու նպատակով իրեն վրայ բանեցուող ճնշումները զինք դրած են հալածախտ վիճակի մը մէջ, որուն հետեւանքով, ան նոյնիսկ ինքզինք գտած է այդ հարցին մասին չարտայայտուելու կացութեան առջեւ:
Ատեանը համաձայն գտնուած է Աքչամի այն պնդումին, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ պարտադրուած օրէնքները խախտում մըն են արտայայտութեան ազատութիւնը երաշխաւորելու մասին Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութեանց:
Leave a Reply