ՊՈԼԻՍ.- Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մասին իր լրագրութեան մէջ, թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը անդրադարձած է քանի մը տասնեակ կրօնափոխ հայերու խմբային մկրտութեան դռնփակ արարողութեան մը՝ նշելով, թէ ապահովական նկատառումներով, անոնց մեծ մասը չէ փափաքած իր անունը բացայայտել:
Սակայն մկրտուողներէն մէկը հանդիսացող Կարօտ Սասունեան, որուն թրքական անունն է Պեհճեթ Աւճը, ըսած է, թէ շատ զգայացունց պահեր անցուցած է եւ ցաւ յայտնած, որ թէ՛ սիւննիները եւ թէ հայերը որոշ հեռաւորութիւն մը կը պահեն կրօնափոխ դարձած հայերէն:
Միւս կողմէ, թերթին հետ զրուցած Ամերիկայի ուղղափառ եկեղեցիներու նախագահ Վիգէն արք. Այքազեան, որ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջանները ծնած է եւ սահուն թրքերէն կը խօսի, յայտնած է, թէ թուրքերու եւ հայերու միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար, Ցեղասպանութիւնը պէտք է ընդունուի Թուրքիոյ կողմէ, եւ ներողութիւն պէտք է խնդրուի հայերէն:
Հայաստանի Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւս յայտնած է, թէ երկու ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութիւնը կարեւոր է, սակայն պէտք չէ մոռնալ պատմութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը:
24.10.2011
http://asbarez.com/arm/113172/
Leave a Reply