Հակառակ անոր, որ այս դժուար պահուն աշխարհի տարբեր երկիրներ պատրաստակամութիւն յայտնած են օգնութեան ձեռք մեկնելու Թուրքիոյ, բայց Անգարան ընդունած է միայն Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը: Այս մասին կը գրէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, որ փորձած է պարզել այդ կեցուածքին պատճառները:
«Իսրայէլ, ԱՄՆ, Գերմանիա, Յունաստան եւ Լեհաստան առաջինը ցանկութիւն յայտնեցին աջակցութիւն ցուցաբերելու Թուրքիային: Նոյնիսկ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռագիր յղեց Ապտուլլահ Կիւլին եւ առաջարկեց Հայաստանի օգնութիւնը»,– կը գրէ «Հիւրրիյէթ»` նշելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր առաջարկներուն համար եւ միեւնոյն ժամանակ կ’ընդգծէ, որ Թուրքիան ներկայ պահուն օգնութեան կարիք չունի:
«Սակայն այդ բոլորին հակառակ` Թուրքիան ընդունեց Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի օգնութիւնը»,– կը գրէ «Հիւրրիյէթ», որ այդ բոլորին պատճառները փորձած է պարզել ԱԳ նախարարութենէն, ուր պարբերականի հարցին ի պատասխան` ըսած են. «Ատրպէյճանն ու Փաքիստանը օգնութիւն ուղարկած են առանց հարցնելու: Այնպէս որ, մենք չէինք կրնար չ’ընդունիլ արդէն իսկ ուղարկուած օգնութիւնը»:
Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է օգնութեան համար պատրաստակամութիւն յայտնած Հայաստանին եւ միւս երկիրներուն
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Վանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին առնչութեամբ հանդէս եկած է ելոյթով եւ դիմած՝ երկրի քաղաքացիներուն:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու՝ ելոյթի ընթացքին Էրտողան կոչ ուղղած է իր քաղաքացիներուն՝ չվերադառնալ երկրաշարժի հետեւանքով աւերուած տուները եւ վստահեցուցած, որ աղէտի հետեւանքները կարճ ժամանակամիջոցին պիտի վերացուին:
“Ինչպէս մենք կրցանք ոտքի կանգնիլ նախապէս տեղի ունեցած երկրաշարժերէն ետք, պիտի կարողանանք նաեւ այս անգամ: Մենք հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընենք՝ երկրաշարժէն տուժածներուն օգնելու համար: Մենք միայնակ պիտի չձգենք մեր քաղաքացիները այս ցուրտ ձմրան”,– ըսած է Էրտողան:
Ընդգծելով, որ շատ երկիրներու առաջնորդներ, ներառեալ եւ Հայաստանի, կը փափաքին օգնութեան ձեռք մեկնել Թուրքիոյ՝ Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց եւ ըսած, որ հարկ եղած պարագային պիտի դիմէ օգնութեան խնդրանքով:
“Մեր ցաւը կիսողներ կան: Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այդ երկիրներու նախագահներուն, կառավարութեան ղեկավարներուն: Ներկայ պահուն փրկարարներու մեծ խումբ տրամադրած է Ատրպէյճանը, որ ուղարկած ենք աղէտի գօտի:
Նոյն ձեւով մեզի աջակցելու իրենց ցանկութեան մասին յայտնած են Հայաստան, ԱՄՆ, Գերմանիա, Պուլկարիա, Չինաստան, Դանիա, Վրաստան, Մեծ Բրիտանիա, Իրան, Զուիցերիա, Իսրայէլ, Ճաբոն, Գանատա, Քորէա, Հունգարիա, Փագիստան, Լեհաստան, Ռուսաստան, Ուքրանիա, Յունաստան, Եւրոմիութիւն, ՆԱԹՕ”,– ըսած է Էրտողան` աւելցնելով.
Անհրաժեշտութեան պարագային մենք օգնութեան խնդրանքով կը դիմենք այդ պետութիւններուն: Սակայն ներկայ պահուն, եթէ չեմ սխալիր, մենք ընդունած ենք միայն Ատրպէյճանէն, Իրանէն եւ Պուլկարիայէն եկած օգնութիւնը: Ամէն պարագայի, անձամբ իմ եւ թուրք ազգի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք ցանկութիւն յայտնած են մեզի օգնելու”:
Նշենք, որ պաշտօնական տուեալներուն համաձայն` երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասած է 217ի: Վիրաւորներուն թիւը 1000: Որոնողափրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին:
Յիշեցնենք, որ երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայէն ցաւակցական հեռագիր յղած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլահ Կիւլին` Թուրքիոի տարածքին տեղի ունեցած երկրաշարժին առնչութեամբ, եւ առաջարկած Հայաստանի օգնութիւնը:
Tert.am
Leave a Reply