ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԻՆ
Անցեալ 23 Հոկտեմբեր 2011, Կիրակի առաւօտ մատուցուած Ս. Պատարագով Տիգրանակերտի ուխտագնացութեան ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։
Հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ հաւաքուեցան Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ եւ վերջին պատրաստութիւններէ ետք, կատարեցին կանոնական ժամերգութիւն նորօծ Տաճարին մէջ, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Ներկայ էին Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Գէորգ Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Բրշ. Եդուարդ Սրկ. Դաւիթեան, Հրաչ Սրկ. Սուրէնեան։
Արարողակարգի կանոնաւորութեան կը հսկէր Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ նաեւ կը հետաքրքրուէր տեղական, օտար մամլոյ, հեռուստացոյցի աշխատակիցներուն, պատուոոյ հիւրերուն հետ։
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ա.Մ.Ն-ու Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոսը, Ա.Մ.Ն-ու Ատանայի Աւագ Հիւպատոսը, Ստանպուլի Հիւպատոսարանի Քաղաքական Գործոց գծով պատասխանատու հիւպատոսը, Լրագրողներու Հիմնարկի Միջմշակութային Երկխօսութեան Հարթակի Ատենապետ Ահմէտ Մուհարրէմ Աթլըղ, Եւրոմիութեան Նախարար Էկէմէն Պաղըշի ներկայացուցիչ՝ Եւրոմիութեան Գործոց մասնագէտ Ինանչ Իւնալթէքինը, համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ բարերարներ։
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ժամը 10.30-ին լսուեցաւ Քաղդէացի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ զանգին ղօղանչը, մինչ կազմուած հանդիսաւոր թափորը շարժեցաւ խորհրդարանէն, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Թափորի կանոնաւորութեան կը հսկէր Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Թափորին մաս կը կազմէին Ատըեամանի Ասորւոց Մոր Մելքի Մետրոպոլիտը, Յունաց Ն. Ս. Տ. Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Դոսիթէոս Աւ. Քհնյ., Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արքեպս. Պարսամեան, Ուաշինկթընի Հոգեւոր Տեսուչ Գերշ. Տ. Վիգէն Արքեպս. Այքազեան, Հալէպի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեան, Պատրիարքական Աթոռէս Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Միջին Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերպ. Տ. Հայկազուն Ծ. Վրդ. Նաճարեան։
Նորին Սրբազնութեան առընթերակայ էին Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեան եւ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեան։ Իսկ կը սպասարկէին՝ Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան, Անդրանիկ Սրկ. Տէմիրճեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզ, Արման Կսրկ. Մարաշլեան, ուրարակիր դպիրներ՝ Միքայէլ Տօնիկեան, Սեւան Արապեան, Սեւան Քըրան, Խաչիկ Օհանեան, Հերման Վէսքէ, Ղազար Սապունճու։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լուսի Գահվէճիօղլուի։
Օրուան ճաշու գիրքը կարդաց Գերպ. Տ. Հայկազուն Ծ. Վրդ., իսկ ճաշու Աւետարանը՝ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քահանան։ Ս. Ընծաներու վերաբերումը կատարեց Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քահանան։
ՔԱՐՈԶ
Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբազնութիւնը քարոզեց, բնաբան ունենալով Պօղոս Առաքեալի Գաղատացիներուն ուղղեալ նամակէն §Այլ ինձ քաւ լիցի պարծել, բայց միայն ի խաչն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, որով ինձ աշխարհ ի խաչ ելեալ է, եւ ես՝ աշխարհի¦ (Զ.14) պարբերութիւնն եւ ըսաւ.
Մեր եկեղեցական օրացոյցին մէջ Ս. Խաչի ընծայուած տօներէն վերջինը՝ Գիւտ Խաչի տօնը բոլորիս համար տարբեր իմաստ մը կը զգենու։ Բարեդէպ զուգադիպութեամբ մը այս տարի հոգեւոր հրճուանքով մէկտեղուած ենք Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ պատմական երդիքին տակ, գոհութիւն եւ փառք մատուցանելու Ամենակալին Աստուծոյ, որուն շնորհներով կ՚ապրինք այս պահը՝ զգալով եկեղեցւոյ երբեմնի փառքի օրերու քաղցր յիշատակները։
Սիմէոն Դպիր Լեհացի 17րդ դարուն այլ քաղաքներու կարգին կ՚այցելէ նաեւ Տիգրանակերտ։ Իր ուղեգրութեան մէջ կ՚արձանագրէ, թէ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ հինգ տեղ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուէր, որովհետեւ հինգ խորան ունէր։ Եկեղեցւոյ մէջ կը պաշտօնավարէին քսանեւերեք երէցներ, ինչպէս նաեւ վարդապետներ, աբեղաներ եւ եպիսկոպոսներ։ Կը գովէ եկեղեցւոյ մէջ տիրող կանոնաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքի ժողովուրդին բարեպաշտութիւնը, Աստուածասիրութիւնը, հիւրասիրութիւնը։ Մասնաւորաբար կ՚ընդգծէ, Կիրակի եւ տօնական օրերու նկատմամբ, քաղաքի Հայոց ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը, քանի որ անոնք այդ օրերուն կը փակէին իրենց խանութները։
Կարդալով շուրջ չորսհարիւր տարիներ առաջ գրի առնուած այս ուղեգրութիւնը, կ՚անդրադառնանք, թէ մենք այսօր եւս հաւատարիմ ենք մեր հայրերու հաւատքի կեանքի օրինակին։ Այս օրը մեր բոլորին յիշողութեան մէջ պիտի արձանագրուի ու բոլորս մեր յաջորդներուն պիտի պատմենք, թէ 2011 թուականին քաղաքին մէջ տեսանք Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցի մը, վերանորոգուած ու բարեզարդուած։ Բոլորս այս ուրախ առիթով հեռաւոր ծագերէն ժամանած ենք, որպէս ուխտագնացներ։ Ինչպէս բոլոր ուխտագնացութիւնները, այս մէկը եւս կու գայ դարմացնել մեր հոգեւոր կեանքը, զայն ոռոգել՝ հաւատքի կենսապարգեւ աւիշով, որ կը բղխի Քրիստոսի Խաչափայտէն ու անոր վրայ յայտնուած Փրկագործութեան մեծ եւ սքանչելի Խորհուրդէն։
Այսօր ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը մեզի հետ ըլլար։ Ան, փափաքած էր, որ այս պատմական եկեղեցին վերանորոգուելով վերստին ընծայուէր Աստուծոյ Փառքին։ Ան էր, որ առաջին անգամ մեր նուաստութեան պաշտօն յանձնեց հետաքրքրուիլ եկեղեցւոյ վերաշինութեան ու բարեզարդման անյետաձգելի գործով։ Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ նուիրատու հաւատացեալներու շնորհիւ, այսօր ունինք վերանորոգուած սրբատեղի մը, որ կամօքն Աստուծոյ պիտի մնայ անվթար ու պիտի շարունակէ աղաղակել մեր պապերու լոյս հաւատքը։
Սիրելի հաւատացեալներ,
Աստուծոյ Միածին Որդւոյն անարատ արեամբ սրբագործուած տառապանքի, չարչարանքի, մահուան գործիք խաչափայտը, դարձաւ փրկութեան խորհրդանշան։ Քրիստոսի հաւատացող բիւրաւորներ խաչափայտին վրայ մատուցուած անկրկնելի Ս. Պատարագի Խորհուրդին միջոցաւ հաղորդուեցան գերագոյն զոհողութեան գաղափարին հետ։ Ճանչցան Աստուծոյ սէրը, Աստուծոյ հայրական գուրգուրանքը, Աստուծոյ ողորմութիւնը։
Տարսոնացի Սօղոսը, քրիտոնեաներու չարիք կը հասցնէր, զանոնք կը հալածէր, նոյնիսկ Սուրբ Ստեփանոսը քարկոծողներուն կամակից ըլլալով, անոնց զգեստները կը կրէր։ Ան կամաւոր կերպով կը պատրաստուէր Երուսաղէմէն Դամասկոս երթալ, որպէսզի Քրիստոսի հաւատացողները ձերբակալէր ու Երուսաղէմ բերէր։ Այս ճամբորդութեան ընթացքին էր, որ փայլատակած լոյսին ընդմէջէն լսեց Քրիստոսի ձայնը ու իրեն համար բացուեցաւ Աստուծոյ Խօսքին քարոզչութեան ճանապարհը ու այդ ճանապարհին մէջ արձանագրեց մեծ յաջողութիւն։ Հովիւներէն մարգարէ, ձկնորսներէն առաքեալ, մաքսաւորներէն աւետարանիչ յառաջացնող Աստուծոյ Ս. Հոգին, այս անգամ Քրիստոսի եկեղեցին հալածող Սողոսէն յառաջացուցած էր Պօղոս Առաքեալը։
Պօղոս Առաքեալ, իր անձին մասին Փիլիպպեցիներուն կը գրէր, ըսելով. §թլփատուած եմ ութերորդ օրը, Իսրայէլի ցեղէն եմ, Բենիամինի սերունդէն, Եբրայեցի՝ Եբրայեցի ծնողքէ, ըստ օրէնքի՝ Փարիսեցի, ըստ նախանձախնդրութեան՝ կը հալածէի եկեղեցին, ըստ օրէնքի արդարութեան՝ անբասիր էի¦ (Փիլիպպեցիս 3.5-6)։ Այս բոլոր յատկանիշները շրջանի հասկացողութեամբ կարեւոր ու արժէքաւոր էին, մանաւանդ այս բոլորին վրայ ունէր նաեւ Հռովմէական Կայսրութեան քաղաքացիութեան պատիւը։ Սակայն Պօղոս Առաքեալ որ §Տիրոջ համար ընտրեալ անօթ մըն էր, ու Անոր անունը կը կրէր հեթանոսներուն, թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ¦, Քրիստոսի համար վնաս կը նկատէր, այն ինչ՝ որ իրեն համար շահ էր։ Եւ այդ հասկացողութիւնն էր, որով կրցաւ մէկ կողմ թողուլ իր բոլոր պատուոյ տիտղոսները ու պարծենալ միայն Քրիստոսի Խաչի նշանով։
Գիւտ Խաչը մեզի կը թելադրէ գտնել մեր խաչերը։ Որպէս Քրիստոնեաներ մեր կեանքը խաչակրութիւն է բառին իսկական առումով։ Աստուծոյ ծառայելու, մարդը սիրելու հրամայականը կեանքի նշանաբանն է մեզի համար։ Մեր կեանքը հոգեւոր առումով անտանելի կը դառնայ այն ատեն, երբ կը դադրինք խաչակրութենէ։ Աստուծոյ օրհնութիւններէն զուրկ, չորցած ու ցամքած մեր կեանքին տիրապետող աշխարհի վաղանցուկ ու գնայուն ծանրութիւնները միանգամընդմիշտ կ՚անէանան այն ատեն, երբ կը գտնենք մեր խաչերը, կը բարձրացնենք զանոնք իբրեւ յաղթանակի նշաններ՝ չարութեան դէմ մղուած հոգեւոր բարի պատերազմին։ Քրիստոս իր մահով մահը կոխոտեց եւ իր յարութեամբը՝ մեզի կեանքը պարգեւեց։ Նմանապէս խաչի քաղցր ծանրութիւնը կը թեթեւցնէ մեր կեանքի ծանրութիւնները. մեզ կը բերէ ու կը հաստատէ Աստուծոյ ծառայութեան սուրբ ճանապարհին մէջ, որուն ընթացքին մեզի կը թելադրուի §սիրել մեր թշնամիները, օրհնել մեզ անիծողները, բարիք ընել մեզ ատողներուն, եւ աղօթել անոնց համար, որ մեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն¦ (Մատթէոս 5.44-45)։ Այդ ճանապարհին մէջ կը կանչուինք §կատարեալ ըլլալու, ինչպէս որ կատարեալ է մեր Երկնաւոր Հայրը¦։
Երբ կը դադրինք խաչակրութենէ, կը վերածուինք անառակ որդիի եւ խաչազուրկ մեր կեանքին անտանելի ծանրութեամբ երբ կը սկսինք հիւծիլ, մաշիլ այն ատեն կը զգանք խաչին թեթեւութիւնը՝ հակառակ իր ծանրութեան։ Խաչով թեթեւնալու մեր տրամադրութիւնը մեզ կ՚առաջնորդէ փնտռելու եւ գտնելու մեր խաչերը։
Մեր Խաչերուն գիւտը մեզ կը խանդավառէ, որովհետեւ այդ խաչերը լուսաւոր փարոսներ են ու կը լուսաւորեն մեր կեանքը։ Որովհետեւ այդ խաչերը մեր կեանքին համար աղ են։ Այդ փարոսը չի շիջիր, այդ աղը իր համը չի կորսնցներ, որովհետեւ անոնք Աստուածային պարգեւներ են։ Մեր զօրացած հաւատքով արիացած, կը հրաւիրուինք Պօղոս Առաքեալի օրինակով պարծենալու խաչի նշանով ու ըսելու. §Սակայն քաւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն, որով աշխարհը խաչը ելած է ինծի համար, ես ալ աշխարհի համար¦։
Այսօր մենք՝ Տիրոջ Ս. Սեղանին շուրջ ի մի համախմբուած, հեռու՝ ամէն տեսակի աշխարհիկ եւ քաղաքական հոսանքներէ կամ լոզունքներէ, կը կատարենք մեր Քրիստոնէական պարտականութիւնը՝ աղօթք առաքելու առ Ամենակալն Աստուած։ Պաշտամունքի Այս պահուն մենք կը յիշենք Տիգրանակերտի երբեմնի թեմի ի Քրիստոս ննջած առաջնորդները, վանքերու վանահայրերն ու միաբանները, եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները եւ սպասաւորները, որոնք դարեր շարունակ հովուեցին իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած հաւատացեալները։ Աստուած յիշէ բոլորին աղօթքներն ու պատարագները եւ երկնային անթառամ պսակներուն արժանացնէ իրենց հոգիները։
Թող Ամենաբարին Աստուած ընդունի մեր աղօթքները եւ իր երկնաձիր շնորհներն ու հոգեւոր պարգեւները առատացնէ բոլոր մարդկութեան վրայ, առանց ցեղի, ազգի եւ կրօնքի խտրութեան։ Թող Աստուած զօրացնէ եղբայրսիրութեան, խաղաղասիրութեան զգացումները եւ մարդիկ Աստուծոյ շնորհքներով զօրացած՝ կարենան գնահատել բարօր համակեցութեան արժէքը։ Ամենակալն Աստուած, թող կարողութիւն պարգեւէ տեղական պետական աւագանիին, գլխաւորութեամբ Տիյարպաքըրի Կուսակալութեան, շրջանի ապահովութեան տնօրէնութեանց եւ քաղաքապետութեանց ու իրենց անձնակազմերուն։
Տիրոջ շնորհքը, սէրը, ողորմութիւնը եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնը մեր բոլորին հետ ըլլայ. ամէն։
ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ ԵՒ Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Ս. Հաղորդութենէն առաջ, հաւաքական խոստովանանք կատարեց Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս.։ Ապա Պատարագիչ Սրբազան Հայրը, օժանդակութեամբ Գերպ. Տ. Հայկազուն եւ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ.ներու, Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեց հաւատացեալներուն։
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ պաշտօն՝ ի հանգիստ հոգւոցն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Տիգրանակերտի երբեմնի վիճակի հանգուցեալ սպասաւորներուն։ Ի մասնաւորի յիշատակուեցան տեղւոյն ծանօթ առաջնորդները, վանահայրերը, քահանաները եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։
Ապա թափորը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ խորհրդարանը, ուր հանդիսադիր Սրբազան Հօր տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասաւ հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները, ուխտաւորներուն պատճառելով ոգեւոր պահեր ու հոգեկան անհուն գոհունակութիւն։
ՊԱՏՈՒԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, պարտէզին մէջ ներկաներ հիւրասիրուեցան։
lraper.org
Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու
Leave a Reply