Հայոց ցեղասպանութեան մասին ֆիլմին ցուցադրումը Իրաքի մէջ կ՛անհանգստացնէ Թուրքիան

ԱՆԳԱՐԱ.- «Ուիքիլիքս»ի հերթական բացայայտումներէն մէկն է այն փաստաթուղթը, որուն համաձայն, Թուրքիա բողոքած է ԱՄՆին այն պատճառով, որ Իրաքեան «Ալ Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանէն պիտի ցուցադրուէր Հայող Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վաւերագրական շարժապատկեր մը:

Բողոքելուն հիմնական պատճառը այն էր, որ այդ շարժապատկերը կը ցուցադրուէր ոչ թէ անձնական որեւէ հեռուստաընկերութեան մը կողմէ, այլեւ նիւթական աջակցութիւն կը ստանար ԱՄՆի Քոնկրեսէն: «Եթէ այս փաստը տարածուի թրքական մամուլին մէջ, ապա շատ տհաճ բաներ կրնան ըլլալ», նշած է ՆԱԹՕի խորհուրդին մէջ փոխքարտուղարի տեղակալ Հէյտար Պերք, Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ դեսպանին հետ զրոյցի մը ընթացքին:

ԱՄՆ պաշտօնեան, իր կարգին պնդած է, թէ այդ հարցը կը վերաբերի պատկերասփիւռի տուեալ ընկերութեան, այլ ոչ թէ դեսպանին կամ ԱՄՆ Պետական բաժանմունքին:

«Մենք նշեցինք, որ այստեղ խօսքը կը վերաբերի լրատուամիջոցներու ազատութեան: Մենք նկատեցինք, որ նման հարցեր կը յայտնուին այնքա՛ն ժամանակ, քանի դեռ Թուրքիան եւ Հայաստանը չեն որոշած վերջնականապէս բնականոնացնել իրենց յարաբերութիւնները», ըսած է ԱՄՆ դեսպանը:

http://asbarez.com/arm/112687/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ