Emporio Armani ապրանքանիշի հագուստ կրելը Թուրքիոյ մէջ հայկական քարոզչութիւն կը համարուի

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող “Թարաֆ” օրաթերթի յօդուածագիր Ռոնի Մարգուլիս իր “Արմանին հայ է” խորագրով յօդուածիտ մէջ զաւեշտալի պատմութիւն մը կը ներկայացնէ այն մասին, թէ ինչպէս երեք թուրք ձերբակալուած եւ դատարանի առջեւ կանգնած են Emporio Armani աշխարհահռչակ ապրանքանիշի հագուստ կրելու համար: Զիրենք մեղադրած են այդ մակնիշի միջոցով հայկական քարոզչութեամբ զբաղելու համար:
Իր յօդուածի մէջ Մարգուլիսը յստակ անուններ, ամսաթիւեր չի ներ, սակայն կը վստահեցնէ` որքան ալ անհաւանական կը թուի իր պատմութիւնը, այն բացարձակ ճշմարտութիւն է:
“Թարաֆ”ի յօդուածագիրը իր պատմութիւնը կը սկսի դատարանի մէջ կասկածեալներու պաշտպանական ելոյթներէն` նշելով, որ ամբաստանեալները դատարան բերուած էին ձեռնաշղթաներով:
Առաջին կասկածեալ.
“Ես Սթամպուլի մէջ շրջելու ժամանակ` շուկանաերէն մէկէն գնեցի Armani ապրանքանիշի շապիկ եւ տաբատ: Ապա արձակուրդս անցնելու նպատակով գացի Ավշա կղզի: Մէկ շաբաթ էր` կը կրէի այդ հագուստը: Սակայն օր մը մանրավաճառ մը հարցուց. “ինչու՞ ես այդ հագուստը կը կրեմ”, եւ զիսի տարաւ ոստիկանական բաժին, որմէ ետք բերին այստեղ: Երբեք չեմ մտածած, որ նման ձեւով քարոզչութիւն կ’ընեմ: Ես կը յարգեմ պետութիւնը, ես անմեղ եմ”:
Երկրորդ կասկածեալ.
“Ես ցուցմունք տուած ոստիկանութեան բաժին: Վերնաշապիկը գնած եմ ոչ թէ Չայջը Օմերէն, այլ անոր եղբօրմէ` Իպրահիմէն: Ինձմէ բացի ուրիշներ ալ գնած են այդ ապրանքանիշի շապիկներ եւ տաբատներ: Բացարձակապէս ետին միտք կամ վատ նպատակներ չեմ ունեցած: Բացի այդ, միւս կասկածեալները չեմ ճանչնար: Ես ընտանիքիս հետ գացած էի Ավշա կղզի արձակուրդս անցնելու: Միւս կողմէ այդ ապրանքանիշը յայտնի է իբրեւ իտալական: Ես նորոյթին հետեւելով գնած եմ: Ինծի ուղղուած մեղադրանքները չեմ ընդունիր”։
Երրորդ կասկածեալ.
“Այո, կը խոստովանիմ, շապիկը իմս է: Մայրս նուիրած է ինծի, որովհետեւ շատ յայտնի ապրանքանիշ է: Ես մեղք չեմ գործած”:
Մարգուլիսը կը գրէ, որ մեղադրեալներու գործին կից ոստիկանական փաստաթուղթի մէջ նշուած է հետեւեալը. “հայկական քարոզչութեամբ զբաղելու մեղադրանքով կասկածեալները բերման եթարկուած են տարբեր վայրերէ: Անոնց շապիկներու վրայ գրուած արտայայտութիւնները ուսումնասիրուած են փորձագէտներու կողմէ: Իսկ կասկածեալները հարցաքննուած են առանձին-առանձին”:
“Թարաֆ”ի յօդուածագիրը կը նշէ` քանի որ “հայկական քարոզչութեամբ զբաղիլը” շատ լուրջ յանցագործութիւն է, կասկածեալները դատարան բերած էին ձեռնաշղթաներով:
“Կը ցանկանայի այս դէպքի վրայ հրաւիրել իրաւաբան ընթերցողներու ուշադրութիւնը: Ին՞չ կը նշանակէ զբաղիլ հայկական քարոզչութեամբ: Օրինակ, իմ ընկերս Երուանդը շատ լաւ ջութակ կը նուագէ: Միթէ՞ սա կը նշանակէ զբաղիլ հայկական քարոզչութեամբ: Ըստ իս` կրնայ ըլլալ: Այնպէս որ, ուշադիր ըլլանք”,- կը հեգնէ Մարգուլիսը` աւելցնելով. “թրքական արդարադատութիւնը, պարզելու համար` արդեօք Emporio Armani գրութեամբ շապիկ կրելը յանցագործութիւն է, թէ ոչ, դիմեց փորձագէտներու օգնութեան: Թարգմանիչներէ կազմուած փորձագիտական խումբը հաստատեց, որ Emporio Armani կը նշանակէ հայկական կայսրութիւն: Իսկ մեղադրեալները դատապարտեցին ցմահ բանտարկութեան: Գիտեմ` կ’ըլլան մարդիկ, որ չեն հաւատար այս պատմութեան: Սակայն շտապեմ վստահեցնել, որ ողջ այս պատմութիւնը բացարձակ ճշմարտութիւն է` բացառութեամբ դատարանի` ամբաստանեալներու նկատմամբ կայացուցած դատավճռիէն”:

16.10.11
Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ