Նոր ծեծկռտուք Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ

ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12ին դարձեալ վէճ մը ծագած է, երբ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Հասիպ Քափլանի ելոյթին ընթացքին, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատգամաւորներ զայն «ահաբեկիչ» որակած են:

Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը նշէ, թէ բանավէճը վերածուած է պատգամաւորներուն միջեւ իսկական ծեծկռտուքի, որ շարունակուած է նոյնիսկ նիստը կասեցնելու խորհրդարանի նախագահին որոշումէն ետք: Կացութիւնը կարելի եղած է հանդարտեցնել ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Թաներ Եըլտըզի միջամտութեան շնորհիւ:

http://asbarez.com/arm/112346/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ