Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին ընդառաջ` «Art is for Preace» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ` հայ եւ օտար յայտնի երգիչները հանդէս կու գան «Այլեւս երբեք» խորագիրը կրող համերգաշրջանով: Մինչեւ 2015 խումբը համերգներով պիտի հիւրընկալուի Գանատա, Եւրոպա եւ արեւելեան երկիրներ: Այս մասին հաղորդեց Հ1 հեռուստաընկերութեան «Առաջին լրատուական»ը:
Լոս Անճելըսի խոշորագոյններէն մէկը համարուող վեց հազար տեղանոց «Կիպսըն» ամփիթատրոնի մէջ Նոյեմբեր 1ին պիտի տրուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած համերգաշրջանի մեկնարկը:
«Այլեւս երբեք» նախաձեռնութեան կը մասնակցին համաշխարհային ճանաչում վայելող աստղեր` Սթիւի Ուոնտըրի եւ Մայքլ Սթոունի գլխաւորութեամբ: Ծրագիրին կը մասնակցի նաեւ Արտօ Թունջպոյաճեան: Նախաձեռնութիւնը Ֆլորա Մարտիրոսեանինն է, որուն կատարումով «Տլէ Եաման» երգը յուզած է Շերոն Սթոունի եղբայրը` Մայքլ Սթոունը, որ «Տլէ Եաման» եւ «Քելէ Լաուօ» երգերը թարգմանած է անգլերէն եւ դարձած երգչուհիի աջակիցը` այս նախաձեռնութիւնը իրականացնելու գործով:
«Սա լինելու է սկիզբը. մինչեւ Ցեղասպանութեան 100 ամեակը մենք աշխատելու ենք բազմաթիւ երկրներում”,- նշած է Ֆլորա Մարտիրոսեան եւ աւելցուցած,- “Մեզ հետ միացել են ամերիկացիներ, օտարներ. հէնց դա է կարեւոր»:
Ամերիկացի աստղերը նշած են, որ իրենց համար կարեւոր է իրենց ձայնը միացնել ցեղասպանութիւններու կանխարգելման ու խաղաղութեան հաստատման նուիրուած այս նախաձեռնութեան:
«Մենք ասում ենք, որ քսան տարուայ անկախ պետութիւն` Հայաստան անունով, մարդկութեանն ու աշխարհին քարոզում է խաղաղութիւն: Ո՛չ ասել ցեղասպանութիւններին, ո՛չ ասել տեռորներին, ո՛չ ասել պատերազմներին»,- ըսած է Ֆլորա Մարտիրոսեան:
Համերգաշրջանը կը նախատեսուի ամփոփել 2015ին Երեւանի մէջ` մեծ աստղերու մասնակցութեամբ մեծ համերգով:
14.10.11
Tert.am
Leave a Reply