Սթամպուլի “Մունիսիփալ” թատրոնին մէջ պիտի բեմադրուի հայ յայտնի երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի “Ատամնաբոյժն արեւելեան” փիէսը (երաժշտական տարբերակով): Ըստ թրքական Hurriyetdailynews.com կայքին՝ “Ատամնաբոյժն արեւելեան”ը պիտի դառնայ Թուրքիոյ պետական թատրոնին մէջ բեմադրուած հայկական առաջին ստեղծագործութիւնը:
“Հայերը թրքական թատրոնի հիմքն են: Այս տարածքին մեծցած դերասանները այս հողի ՏՆԹ–ն են: Մենք պէտք է ընդունինք մեր անցեալը, եթէ կ’ուզենք արդիական դառնալ: Ցաւօք սրտի, մենք առանց յիշողութեան հասարակութիւն ենք”,– ըսած է թատրոնի գլխաւոր տնօրէն Այշենիլ Շամլօղլու:
“Մենք լուսանցի միւս կողմը կը տանինք մեր ժողովուրդը: Մենք գաղափարական պատճառներով կ’արհամարհենք այն մարդոց, որոնք հազարաւոր տարիներ ապրած են այս հողին վրայ: Անհնար է թրքական թատրոնի պատմութենէն արմատախիլ ընել հայ դերասանները”,– ըսած է Ենկին Ալկանը, որ Պարոնեանի ստեղծագործութիւնը յարմարցուցած է թուրք հանդիսատեսին:
Ալկան առաջին անգամ Պարոնեանի անունը պատահաբար թատերական ամսագիրի մը մէջ տեսած է, ապա անոր ստեղծագործութիւններուն ծանօթացած է համացանցով:
“Մենք չէինք կրնար բեմադրել այս փիէսը նախապէս, եթէ նոյնիսկ ցանկութիւն ունենայինք: Մենք դժուար ժամանակներ անցած ենք: Մեծ դժգոհութեան ալիք պիտի բարձրանար, եթէ ըսէինք, որ կը պատրաստուինք այդպիսի ներկայացում բեմադրել պետական թատրոնի մէջ”,– նշած է Ալկան:
“100 տարի առաջ մենք ապրած են ընդհանուր կեանքով: Այդ ընդհանուր անցեալն է, որ կը պայմանաւորէ մեր ներկան: Մենք սովոր ենք մեր գլուխը աւազի մէջ թաղել, բայց չենք կրնար շարունակել նոյն ոգիով”,– ըսած է ան:
Ալկան աւելցուցած է, որ իրենք որոշ փոփոխութիւններ մտցուցած են փիէսին մէջ: “Մենք նոր երգեր ստեղծած ենք եւ համատեղած են արեւմտաեւրոպական ազդեցութիւնը, հայ համայնքի մշակոյթը, արեւելեան մշակոյթը այլ տեսակի երգերու հետ` պահպանելով այդ դարաշրջանի ոգին”:
Յիշեցնենք, որ Յակոբ Պարոնեան յայտնի երգիծաբան է եւ լրագրող: Անոր ստեղծագործութիւնները կը ներկայացնեն Պոլսոյ կեանքը եւ սուր կերպով կը քննադատեն հասարակական կառոյցները, մտաւորականութիւնը, կրօնաւորները, բժիշկները եւ այլն:
13.10.11
Tert.am
Leave a Reply