Սեպտեմբեր 29-Հոկտեմբեր 9 խումբ մը հայեր հերթականօրէն այցելած են պատմական Հայաստանի զանազան շրջաններ։ Խումբին մաս կազմող Զապէլ Պէրպէրեան կը պատմէ. «Ուրֆայի մէջ յայտնաբերեցինք գեղեցիկ հիւրանոց-ճաշարան մը՝ «Ճէվահիր Իվ» անունով։ Աշխատողները ուրախ էին մեզի տեղեկացնելու, որ ճաշարանի կողքի մզկիթը (Սալահ Ալ Տին Ալ Այյուպի) նախապէս եղած է հայկական եկեղեցի, իսկ հիւրանոց-ճաշարանը՝ քահանայի մը տունը։ Այնուհետեւ անոնք մեզի ցոյց տուին պատուհանին երեւցող հայկական գրութիւն մը։ Ինչպէս միշտ, անոնք կը կարծէին, որ այդ գրութիւնը մահացածներու կողմէ յղուած հաղորդագրութիւն է՝ յայտնաբերելու համար պահուած գանձերը»։
Հիւրանոցի տարբեր պատերը ներկուած էին կամ նորոգուած, սակայն գրութեան այդ հատուածին ձեռք չէին տուած՝ զայն ձգելով իբրեւ «վկայութիւն»։ Աշխատողները հայ այցելուներէն պահանջած են, որ այդ գրութիւնը թարգմանեն. «Ըսինք՝ այնտեղ նշուած է, որ այստեղ հայ քահանայի մը տունն էր, բայց անոնք չհաւատացին»,- Tert.am-ին ըսաւ Զապէլ Պէրպէրեան։
Ըստ Պէրպէրեանի՝ նոյն փողոցի վրայ գտնուող երկրորդ մզկիթը (Եէնի Ֆիրֆիրլի) նոյնպէս եղած է հայկական եկեղեցի։ Երբ իրենք այնտեղ հասած են, հանդիպած են աղօթողներու։ Երեք հոգի զիրենք հրաւիրած են մզկիթ, նայած իրենց շուրջը, բայց չեն գիտցած Հայկական եկեղեցւոյ անունը։ Այնուամենայնիւ, ըստ «lonely planet» զբօսաշրջիկային տեղեկատուական գիրքին՝ անիկա պէտք է եղած ըլլայ «12 Առաքեալներու եկեղեցի»։
11.10.11
Tert.am
Leave a Reply