Եթէ Թուրքիան չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Ֆրանսան յաւելեալ քայլերու կը դիմէ. Սարքոզի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբերին, երկօրեայ պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընկերակցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ: Երկու երկիրներու նախագահները ծաղկեպսակներ դրած են 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ եւ անմար կրակին մօտ:

 Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մօտ, լրագրողներու հետ ունեցած կարճատեւ զրոյցին ընթացքին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարած է, որ «Հաւաքական ժխտողականութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր է եւ շատ աւելի անընդունելի է, քան ժխտողականութիւնը՝ անհատական մակարդակի վրայ: Թուրքիան մեծ երկիր է եւ պէտք է կարենայ ճիշդ նայիլ իր անցեալին, պէտք է կարենայ ուղիղ նայիլ իր սեփական պատմութեան ինչպէս լուսաւոր, այնպէս էլ ստուերոտ էջերուն: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ըրած են այլ մեծ պետութիւնները, ինչպէս օրինակ Գերմանիան: Եթէ Թուրքիան կատարէ իր պատմական պարտաւորութիւնը, ապա մենք կը մնանք այնտեղ՝ ուր հիմա ենք, կը մնանք նոյն տեղը: Իսկ եթէ Թուրքիան չընէ այդ, մենք աւելի առաջ կ՛երթանք»: Սարքոզին իր այս յայտարարութիւնը կատարած է պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցին, թէ Ֆրանսան կրնա՞յ քրէօրէն դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը:

«Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը այս լուրը հաղորդած է մէկ այլ տարբերակով:

«Եթէ մինչեւ տարեվերջ Թուրքիան չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս ըրած են այլ պետութիւններ, ապա մենք կը դիմենք այլ նախաձեռնութիւններու, որոնց շարքին՝ Ֆրանսայի մօտ Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը քրէականացնող օրինագծի ընդունման», տեղեկագրած է «Արմէնփրէս»:

Սարքոզի եւ Սարգսեան, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ, այցելած են թանգարան-հիմնարկը, ուր Հ. Դեմոյեան բարձրաստիճան հիւրին ծանօթացուցած է ներկայացուած ցուցանմոյշները: Այնուհետեւ Ն. Սարքոզի պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ արձանագրութիւն մը կատարած է. «Ֆրանսան չի մոռնար»:

Ֆրանսայի նախագահը անուանական եղեւնի տնկած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի հարեւանութեամբ գտնուող «Յիշողութեան պուրակ»ին մէջ:

http://asbarez.com/arm/111612/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ