Թուրք իրաւապահները Տիարպեքիրի մէջ ձերբակալած են Ֆրանսայի հայ քաղաքացի մը, որ կը մեղադրուի Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն համարուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) հետ կապեր ունենալու մէջ։
Ըստ թրքական «Ենի Աքիթ» պարբերականին՝ Տիգրան Սարգիս Արշակ Եկաւեան եւ Թուրքիոյ քաղաքացի Էյուպ Սուլթան Տեմիրչիվի ձերբակալուած են Սուրի շրջանին մէջ։ Անոնց մօտ՝ խուզարկութեան ժամանակ՝ յայտնաբերուած են փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն այդ քաղաքացիներու՝ PKK–ի հետ սերտ յարաբերութիւններ ունենալու մասին։
Tert.am
Leave a Reply