Բացայայտել Հրանդ Տինքի սպանութեան ո՛չ միայն կատարողը, այլեւ՝ պատուիրատուները. Թոմաս Համարպըրկ

Եւրոպայի խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համարպըրկ Սթրազպուրկի մէջ խօսած է լրագրողներու դէմ իրականացուող բռնութիւններու մասին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ “Թուրան” գործակալութիւնը, Համարպըրկ անդրադարձած է վերջին տարիներուն տեղի ունեցած լրագրողներու դաժան սպանութիւններուն եւ կոչ ըրած պատկան մարմիններուն՝ բացայայտել այդ սպանութիւններու ո՛չ միայն կատարողները, այլեւ` անոնց պատուիրատուները:

Համարպըրկ ընդգծած է, որ իրաւապահ եւ դատական մարմինները պատասխանատւութիւն կը կրեն լրագրողներու դէմ իրականացուած յանցագործութիւններու արագ եւ արդիւնաւէտ հետաքննութեան ապահովման համար:

“Վերջին տարիներուն Եւրոպայի մէջ դաժան սպանութիւններու զոհ դարձած են շարք մը յայտնի լրագրողներ, ինչպէս` Հրանդ Տինքը Թուրքիոյ մէջ, Կէորկի Կոնկաձէն Ուքրանիոյ մէջ, Էլմար Հուսէյնովը Ատրպէյճանի մէջ, Աննա Փոլիդգովսգայան Ռուսաստանի մէջ: Անհրաժեշտ է բացայայտել եւ պատժել այդ սպանութիւններու ոչ միայն կատարողները, այլեւ` անոնց պատուիրատուները”,– ըսած է Համարպըրկ` նշելով, որ 1992էն մինչեւ հիմա Եւրոպայի մէջ իր մասնագիտական գործունէութեան պատճառով սպաննուած է 100 լրագրող, մեծ թիւով լրագրողներ ենթարկուած են յարձակման եւ ստացած սպառնալիքներ:

Նշելով, որ լրագրողներու սպանութեան դէպքերուն շատ քիչ տոկոսն է, որ մինչեւ վերջ կը բացայայտուի՝ Համարպըրկ ըսած է. “Ատիկա կասկածի տակ կը դնէ իրաւապահ մարմիններու եւ դատական համակարգի գործունէութեան ազդեցութիւնը: Ատիկա մարդու իրաւունքներու աղաղակող խախտում է, երբ իշխանութիւնները թոյլ կու տան մեղաւորներուն անպատիժ մնալ”:

Համարպըրկ ընդգծած է, որ ազատ, անկախ եւ “բլիւրալիսթ”ական ԶԼՄ–ները գործող ժողովրդավարութեան կարեւոր տարրերէն են:

“Բացի այդ, ազատ լրատուամիջոցները կարեւոր նշանակութիւն ունին մարդու միւս բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն: Կան բազմաթիւ օրինակներ, երբ լրագրողներու գործունէութեան իբրեւ արդիւք՝ բացայայտուած են իշխանութեան չարաշահման, կաշառակերութեան, խտրականութեան կիրառման եւ խոշտանգումներու դէպքեր”,– ըսած է Եւրոպայի խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը` աւելցնելով. “լրագրողներու նպատակը ոչ թէ իշխանութեան ղեկին գտնուողները ուրախացնելը կամ իշխանութեան խօսափողը ըլլալն է, այլ` հասարակական վերահսկողութեան իրականացումը”:

05.10.2011

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ