Խաչիկ Մուրատեան պիտի խօսի Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած եկեղեցիներուն մասին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր Ղեկավարներու զարգացման անդրանիկ խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25էն մինչեւ Կիրակի, Նոյեմբեր 27 երկարող Գոհաբանութեան օրուան շաբաթավերջին, ելոյթ պիտի ունենայ «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան, որ պիտի խօսի Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ երկրի քրիստոնէական փոքրամասնութիւններէն գրաւուած եկեղեցիներուն ու եկեղեցական կալուածներուն յատկացուած աշխատանիստին ընթացքին:

«Շերըթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկին մէջ կայանալիք խորհրդաժողովին ընթացքին քննուելիք կարեւոր նիւթերէն մէկն է՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ առաջ հայութենէն գրաւուած կալուածներու վնասուց հատուցման հարցը:

Համակարգիչի օժանդակութեամբ ներկայացուելիք իր նիւթով, Մուրատեան պիտի շեշտէ, թէ հայութենէն գողցուած հարստութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Թուրքիոյ ազգային տնտեսութիւնը մէջտեղ բերելու գործընթացին մէջ, մանրամասնօրէն ներկայացնելով բռնագրաւուած կալուածներուն շարքը եւ այդ բռնագրաւումը «օրինականացուցած» թրքական քայլերը:

Խաչիկ Մուրատեան ներկայիս «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզման ու ցեղասպանութեան կեդրոնին մէջ դոկտորայի թեկնածու է՝ դոկտորականի նիւթ ունենալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Դասախօսութիւններ ներկայացնելու կողքին, ան մասկացած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Աւստրիոյ, Կիպրոսի, Լիբանանի, Նորվեկիոյ, Սուրիոյ, Զուիցերիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ կայացած միջազգային խորհրդաժողովներու, եւ հեղինակած է մարդկային իրաւանց, լրատուամիջոցներու օգտագործման ու Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներ:

Հայ Դատի խորհրդաժողովին զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ Հայ Դատի տարեկան ճաշկերոյթը:

Ճաշկերոյթի տոմսին սակը 200 տոլար է, իսկ եռօրեայ խորհրդաժողովին մասնակցութեան սակը 150 տոլար է, ներառեալ՝ ընկերային շարք մը հաւաքներու մասնակցութիւն: Ուսանողներու յատուկ զեղջեր տրամադրելի են, իսկ զոյգ ձեռնարկներու մասնակցութեան սակը 300 տոլար է:

http://asbarez.com/arm/111310/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ