ՊՈԼԻՍ.- «ՀապերԹիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ իր կնոջ հետ միասին երգած է Անտիոքի քաղաքակրթութիւններու երգչախումբին մէջ։ Կիրակի, Հոկտեմբեր 1ին կայացած համերգին ընթացքին Արընչն ու անոր կինը կատարած են «Թուրք եմ» երգը, իսկ համերգի ընթացքին հնչած են հայերէն, թրքերէն, եբրայերէն եւ արաբերէն երգեր։
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Արընչ, նախքան համերգը արտասանած իր խօսքին մէջ դիտել տուած է, որ ինք այս երգչախումբին մասին առաջին անգամ լսած էր չորս տարի առաջ: Ան ըսած է, որ երգչախումբը, որ երեք կրօններու միասնութիւնը կը ցոլացնէ եւ կազմուած է զանազան ազգութիւններու պատկանող երգիչներէ, օրինակելի է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին համար:
Արընչ նշած է նաեւ, որ Թուրքիա անիրաւօրէն բռնագրաւուած փոքրամասնական կալուածները նոյնութեամբ պիտի վերադարձնէ, որուն շնորհիւ ալ «Թուրքիոյ ճակատը մաքուրի պիտի մաքրուի»:
Ան յիշեցուցած է, որ Մանիսայի մէջ հայեր կ՛ապրէին Օսմանեան ժամանակաշրջանին: «Հիմա մէկդի դրէք այն, ինչ պատահեցաւ աւելի ուշ։ Անիկա տարբեր ողբերգութիւն մըն է։ Այսօր միւս կրօնքներն ալ իրենց հիւանդանոցներով, դպրոցներով, աղօթատեղիներով մեծ հարստութիւն մը կը կազմեն Թուրքիոյ համար։
120 անդամներէ բաղկացած Անտիոքի քաղաքակրթութիւններու երգչախումբը կազմուած է 2007ին, Անտիոքի նահանգապետարանին կողմէ։ Երգչախումբին մէջ կան քրիստոնեաներ, հրեաներ, իսլամներ եւ տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ հայեր։ Երգչախումբը 2012ի Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու է։
Leave a Reply