ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ– Իր Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30ի թիւով, «Լոս Անճելըս Թայմզ» անդրադարձած է Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին նախատեսուած Օսմանեան զինուորական նուագախումբի քայլարշաւի ջնջումին, «Բողոքները Վերջ Կու Տան Հոլիվուտի Քայլարշաւի Ծրագիրին» խորագիրով լուրի մը մէջ:
Թերթը կը նշէ, թէ հայկական կազմակերպութիւնները «1915-1918ի Հայկական Ցեղասպանութեան զոհեր»ու յիշատակը վարկաբեկող համարած էին քայլարշաւը, որուն իբրեւ հետեւանք, քայլարշաւը կազմակերպած թուրք-ամերիկեան «Փասիֆիքա» հիմնարկը որոշած է վերադարձնել հաւաքին արտօնագիրը:
Այս քայլարշաւին դէմ ցոյց մը կազմակերպող Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴը բնականաբար որոշեց ջնջել նաեւ իր բողոքի ցոյցը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւս յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտած էր «իրենք զիրենք ոճրագործ ջոկատներու ժառանգորդները նկատող խմբակին» նման քայլարշաւ մը կատարելու արտօնութիւնը տալու Լոս Անճելըս քաղաքին որոշումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդները նման տգեղ կացութեան մը առջեւ դնող քայլը «ամբողջութեամբ անընդունելի» որակելով:
http://asbarez.com/arm/111255/
Leave a Reply