Թուրքիոյ բանտերուն մէջ՝ տարբեր յանցագործութիւններու համար՝ կը պահուին Հայաստանի Հանրապետութեան 11 քաղաքացիներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ “Անատոլու” գործակալութիւնը` վկայակոչելով Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարարութեան տուեալները:
Համաձայն այդ տուեալներուն` Թուրքիոյ բանտերուն մէջ կը պահուին ընդհանուր առմամբ 105 երկիրներէ աւելի քան 2000 քաղաքացիներ:
Թրքական բանտերուն մէջ պահուող քաղաքացիներու քանակով առաջին երեք հորիզոնականները կը զբաղեցնեն Իրանը (462), Թուրքմէնստանը (268) եւ Վրաստանը (132):
105 երկիրներու ցուցակին մէջ 11 քաղաքացիներով Հայաստանը կը զբաղեցնէ 31րդ հորիզոնականը, Ատրպէյճանը 66 քաղաքացիներով` 7րդ հորիզոնականը:
Բացի այդ, թրքական բանտերուն մէջ կը պահուին նաեւ Գերմանիոյ 31, Ուզպեքիստանի 29, Հոլանտայի 25, Յունաստանի 23, Ռուսաստանի 20, Ուքրանիոյ 13 քաղաքացիներ:
Tert.am
Leave a Reply