ՊՈԼԻՍ, «Ազատութիւն».- Դեռ քանի մը տարի առաջ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ներկայացուցիչները համոզուած էին, որ ուշ թէ շուտ, թրքական կառավարութիւնը կրօնական փոքրամասնութիւններուն պիտի վերադարձնէ իր առգրաւած գոյքը՝ 1936ին ընդունուած օրէնքին համաձայն:
Այս մասին կը տեղեկանանք «Ուիքիլիքս»ի վերջերս գաղտնազերծած փաստաթուղթերէն, որոնց մէկ զգալի մասը նուիրուած է Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ տիրող կացութեան:
2009ի Յունուար 26ին, Պոլսոյ ամերիկեան հիւպատոսութենէն Ուաշինկթըն ուղարկուած հաղորդագրութեան մէջ կը պարզուի, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան ու Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու այն ժամանակուան դեսպան Ճէյմզ Ճեֆրին մանրամասնօրէն քննարկած են պոլսահայ համայնքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
Դեսպանին հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին Աթէշեան ըսած է. «Յոյսով եմ, որ թրքական կառավարութիւնը հայ համայնքին կը վերադարձնէ առգրաւուած շուրջ 250 կալուած»:
«Ուիքիլիքս»ի հրապարակած մէկ այլ հաղորդագրութեան համաձայն, 2008ի աշնան, Արամ Աթէշեան ամերիկացի դիւանագէտներու հետ զրոյցի մը ժամանակ նշած էր. «1910ին Թուրքիոյ տարածքին 2200 գործող հայկական եկեղեցի կար: Այժմ մնացած են 45»: Նոյն այս զրոյցին ընթացքին Աթէշեան նաեւ ըսած էր, թէ Թուրքիա բնակող հայերը պարզապէս կը ցանկանան օգտուիլ Սահմանադրութեամբ ընձեռուած իրաւունքներէն. «Մենք չենք ցանկանար աւելին, քան որեւէ թուրք», ըսած էր արքեպիսկոպոսը:
Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ հաւատարմագրուած ամերիկացի դիւանագէտներու հետ 2008ի աշնան եւ 2009ի տարեսկիզբին կայացած զրոյցներուն ընթացքին, Աթէշեան բաւական բարձր գնահատած է Էրտողանի կառավարութեան՝ փոքրամասնութիւններու հանդէպ որդեգրած քաղաքականութիւնը:
«Պատրիարքարանին յարաբերութիւնները իշխող կուսակցութեան հետ բաւական սերտ են, «Արդարութիւն եւ զարգացում»ը կրօնական կուսակցութիւն է, եւ մենք բաւական հեշտութեամբ իրարու կը հասկնանք», 2009ի Յունուարին Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմզ Ճեֆրիին յայտնած է Աթէշեան:
Անոր խօսքով, Պոլսոյ մահմետականներու առաջնորդին հետ կապերը եւս բաւական սերտ են. ան նոյնպէս յաճախ կ՛այցելէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը: «Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը մեր մտահոգութիւնները հաշուի կ՛առնէ եւ կը փորձէ աշխուժօրէն լուծել առկայ խնդիրները», նշած է Աթէշեան:
Խօսելով Քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301րդ յօդուածի ճակատագիրին մասին՝ հայ հոգեւորականը ըսած է. «Նոյնիսկ եթէ թիւ 301 յօդուածը վերանայ, անոր էութիւնը նոյնը պիտի մնայ»:
Պատրիարքին փոխանորդը նաեւ համոզուած է, որ փոքրամասնութիւններուն խնդիրները լիարժէք կերպով հնարաւոր կ՛ըլլայ լուծել միայն մէկ պարագայի, երբ Թուրքիան դառնայ Եւրոմիութեան անդամ:
Գաղտնազերծուած փաստաթուղթերէն նաեւ կը տեղեկանանք, որ Աթէշեան բաւական բարձր կը գնահատէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղուած Անգարայի եւ Երեւանի ջանքերը: Անով հանդերձ, Աթէշեան նշած է. «Մենք կը հասկնանք, որ Սփիւռքը այս զարգացումներուն չի սատարեր: Թուրքիոյ հայ համայնքը, սակայն, այլ վերաբերում ունի Ապրիլ 24ին հանդէպ եւ պատրաստ է դուրս ելլելու 1915ի վատ իրադարձութիւններու շրջանակէն», ամերիկացի դիւանագէտներու պնդումով՝ նշած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին փոխանորդը, 2009ի Յունուարին կայացած զրոյցին ժամանակ:
http://asbarez.com/arm/108661/
Leave a Reply