50 տարի առաջ – Աստուածածնի տօնը Կեսարիոյ մէջ

Կեսարիոյ գործող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին (2009), լուս.՝ Գագիկ Արզումանեանի

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (30 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961) ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

Կեսարիայէն կը գրեն 14 օգոստոս թուականով.-

Վերափոխման Ս. Աստուածածնայ տօնը այս տարի ալ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ քաղաքիս Ս. Լուսաւորիչ դարաւոր եկեղեցիին մէջ, որ լեցուած էր հաւատացեալներու երկսեռ խուռն բազմութեամբ: Արարողութիւնները սկսան առաւօտեան ժամը 4:00-ին եւ վերջացան 11:00-ին, նախագահութեամբ վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեանի, որ մատոյց օրուան տօնական պատարագը, քարոզեց եւ կատարեց խաղողի օրհնութիւնը:

Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարեցին Սկիւտարի Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտները: Շրջակայ գիւղերէն եկող ուխտաւորները կողովներով խաղող բերած էին` օրհնուելու համար:

Ճաշու գիրքին ընթերցումէն ետք, պատարագիչ տէր հայրը թուրքերէն գեղեցիկ քարոզ մը խօսելով` ներբողը հիւսեց երանեալ Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ յորդորեց մայրերը` հետեւիլ անոր մաքրամաքուր կենցաղին եւ աստուածահաճոյ գործին եւ հասցնել քրիստոնէական սուրբ հաւատքով առլցուն առաքինի եւ պարկեշտ զաւակներ:

Տէր հայրը պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց նորոգ հանգուցեալ երջանկայիշատակ պատրիարք Խաչատուրեանի յիշատակին:

Ժողովուրդին 500 ծրար օրհնուած խաղող բաժնուեցաւ եւ պահք ու ծոմ բռնող բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդուեցան:

http://www.aztagdaily.com/?p=27018

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ