Մեծ մօրս դաջուածքները (Grandma’s Tattoos)` Սիւզան Խարտալեանի նոր շարժանկարը


“Grandma’s Tattoos” շարժանկարը կ’անդրադառնայ այնպիսի դէպքերու, որոնք 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին պատահեցան շատ մը հայ կանանց հետ։ Շարժանկարի հեղինակ Սիւզան Խարտալեան՝ պտոյտ մը կատարելով իր ընտանիքին մէջ՝ կը փորձէ հետաքննել իր մահացած մեծ մօր՝ Խանումի կեանքի իրական պատմութիւնը։

Շարժանկարը նման է ուրուավէպի. Առեղծուած մը, բանադրանք մը։ Ոչ ոք ցանկութիւն ունի ամբողջ պատմութիւնը պատմելու։ Եւ որպէսզի հնարաւոր ըլլայ խճանկարը ամբողջացնել՝ կը դեգերինք մէկ պատկերէն միւսը, այսօրուան Շուէտէն մինչեւ Սիւզան Խարտալեանի ծննդավայրը՝ Պէյրութ։

Շարժանկարին մէջ կը հանդիպինք Մեծ մօր քրոջ՝ 98 ամեայ Լիւսիային, որ կ’ապրի Հոլիուտ։ Լիւսիան եւս ունի իր քրոջ դաջուածքներէն։ Ան եւս կը խուսափի պատմել ամբողջ պատմութիւնը։ Լիւսիան՝ տարագրութեան օրերուն իր քրոջ եւ մօր հետ կ’ապաստանի քիւրտ ցեղի մը մօտ եւ այնտեղ կը մնայ քանի մը տարի։ Կը հանդիպինք նաեւ Մեծ մօր միակ ապրող զաւակին՝ Մարիին, որ կ’ապրի Պէյրութ եւ որ նոյնպէս տեղեակ չէ ամբողջ պատութեան։ Մեծ մայրիկը նոյնիսկ իր աղջկան չէ պատմած այդ մասին։ Բացարձակ արգելք էր խօսիլ “չխօսուող”ի մասին։ Մեծ մայրը հեռու էր ֆիզիքական բոլոր շփումներէն։ Չէր սիրեր ուրիշներուն դպչիլ ու չէր ուզեր ուրիշները իրեն դպչին։ Երբեք մօտ չէ եղած շուրջիններուն՝ նոյնիսկ իր ամուսինի հետ։

Ի վերջոյ Սիւզանի մայրն է, որ կը պատմէ Մեծ մօր պատմութիւնը։ Մեծ մայրիկ Խանումը միայն 12 տարեկան էր, երբ իր մօր եւ քրոջ ներկայութեամբ բռնաբարուած է քիւրտ նաւավարի մը կողմէ, Եփրատի ափին, երբ իրենք կը փախչէին ջարդերէն։

Շարժանկարին մէջ մենք եւս կը կատարենք նոյն “պտոյտ”ը, որ կատարած է Մեծ մայրիկը։ Անցնելով Եփրատի վրայէն կը հասնին Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաք, ուր հանգրուանեցին հարիւր հազարաւոր հայեր։

Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա եւ ԱՄՆ ճամբորդութեան ընթացքին, կը հանդիպինք դաջուածքներ ունեցող հայ կանանց երեխաներուն եւ կը հասկնանք, որ իրենց վէրքը եւս նոյնն է, որ բռնաբարութիւնն ու սեռական ոտնձգութիւնները “բնատիպ” էր ջարդերէն գոյատեւած հայ կանանց համար։

Մեծ մայրիկի դաջուածքը պատմութիւն է, ուր աշխարհի իրականութիւնն ու երեւակայութիւնը այնքան շաղախուած են, որ դժուար է զանոնք տարանջատել։ Փոքրիկը նաեւ այն մեծ մայրիկն է, որ դաջուած է եւ բռնաբարուած, եւ որ յետագային պիտի բացայայտէ դաջուածքը եւ զզուանք զգալով պիտի փորձէ զայն անջատել իր ցաւէն։

Մօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ շարժանկարը արտադրած է PeÅ Holmquist, HB PeÅ Holmquist Film (Շուէտ)։

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2011
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ