Պոլսոյ “Մարմարա” Օրաթերթը Դարձաւ 70 Տարեկան


Պոլսահայ “Մարմարա” օրաթերթը շուտով պիտի նշէ իր 70ամեայ յոբելեան: Ըստ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններուն՝ 31 Օգոստոս 1940էն ի վեր հրատարակուող քաղաքական, հասարակական այս թերթի հիմնադիրն է Պոլսոյ հայկական համայնքի անուանի ներկայացուցիչ Սուրէն Շամլեան, որուն ջանքերով ալ թերթի շուրջ ժամանակին համախմբուեցան հանրածանօթ մտաւորականներ:

“Մարմարա”ն դիմակայած է թէ՛ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն Թուրքիոյ մէջ պետականօրէն խրախուսուող ազգայնամոլութեան պոռթկումներու, թէ՛ 6 Սեպտեմբեր1955ին Սթամպուլի մէջ իշխանութեան հրահանգով թուրք խուժանի ըրած խժդժութիւններու, եւ թէ՛ 27 Մայիս 1960ի, 21 Մարտ 1971ի եւ 12 Սեպտեմբեր 1980ի պետական յեղաշրջումներու շրջաններուն:

Համատարած բռնութեան պայմաններու մէջ հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններու հետ իրենց գործունէութիւնը դադրեցուցին նաեւ թրքական շարք մը թերթերու խմբագրութիւնները: Հակառակ այդ բոլորին, սակայն, “Մարմարա” օրաթերթը, շնորհիւ հաւասարակշիռ դիրքորոշման, կարողացաւ շարունակել իր “հանդիպումներ”ը ընթերցողներուն հետ: Աւելին’ ներկայիս թերթը ունի համացանցային էջ, եւ ոչ միայն կ’արտացոլէ համայնքի հասարակական ու մշակութային կեանքը, այլեւ այդ կեանքին թրքախօս հայերը հաղորդակից դարձնելու առաքելութեամբ’ իբրեւ շաբաթական յաւելուած, կը հրատարակէ նաեւ “Նոր Մարմարա”ի թրքերէն տարբերակը:
“Մարմարա”ի նշանակութիւնը սոսկ պոլսահայ համայնքով չի սահմանափակուիր: Անիկա թրքական թերթերէն կատարած թարգմանութիւններով համայն հայութեան հաղորդակից կը դարձնէ նաեւ Հայաստանի ու Հայկական հարցի նկատմամբ Թուրքիոյ մէջ առկայ դիրքորոշումներուն:

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2011
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ