Վարչապետ Էրտողանի Ու Պետական Աւագանիի Ներկայութեամբ Ոչ-Իսլամ Համայնքներն Ու Պետութիւնը Ողջագուրուեցան Իրարու Հետ
– Փոքրամասնութիւններու Դէմ Անիրաւութիւններու Շրջանը Անցեալի Մէջ Մնաց, Ըսաւ Վարչապետը
Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները երէկ գիշեր Հնագիտութեան Թանգարանի պատմական շէնքի առջեւ սարքուած իֆթարի սեղաններու շուրջ ապրեցան գիշեր մը, որուն նմանը երբեք չէ ապրուած Թուրքիոյ Հանրապետութեան բովանդակ պատմութեան մէջ։ Պատմութեան մէջ ոսկետառ արձանագրուելու արժանի գիշեր մըն էր, ուր փոքրամասնական հայրենակիցները ողջագուրուեցան Պետութեան հետ, աւելի ճիշդ է ըսել՝ Պետութիւնը ողջագուրուեցաւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն հետ, երկուքին միջեւ փուլ եկան տեսանելի ու անտեսանելի բոլոր պատերը, նորատեսակ հաշտութիւն կնքուեցաւ։ Վարչապետ Էրտողանի առաջնորդութեան ներքեւ կառավարութեան անդամները այս կերպով կը սրտապնդէին փոքրամասնութիւնները ու կ՚ըսէին.
– Վերջացան անցեալի մէջ գործուած սխալներն ու անիրաւութիւնները։ Գործադրուած ճնշումները անցեալի մէջ մնացին, ասկէ վերջ այդպիսի անիրաւութիւն անգամ մըն ալ երբեք պիտի չպատահի, այս երկրին մէջ ո՛չ մէկ հայրենակից ուրիշ հայրենակիցէ մը գերիվեր է։
Այս պատգամը այն մէկն էր որուն այնքան երկար տասնամեակներ սպասած էին փոքրամասնութիւնները։
Րամազանի ամսուան վերջընթեր օրով փոքրամասնութիւններու կողմէ սարքուած իֆթարի սեղանը երազային մթնոլորտ մր ստեղծած էր Հնագիտական Թանգարանի պարտէզին մէջ, ուր աւելի քան 300 հրաւիրեալներ բոլորուած էին։
Վարչապետ Էրտողան ու կողակիցը, Վարչապետի Տեղակալ Պիւլէնտ Արընչ ու կողակիցը, Մշակոյթի Նախարարը, Զբօսաշրջութեան Նախարարը, ուրիշ նախարարներ, Եւրոմիութեան Աւագ Բանագնաց Էկէմէն Պաղըշ, Իսթանպուլի Կուսակալը, բազմաթիւ երեսփոխաններ, քաղաքապետներ, պաշտօնավարներ, դեսպաններ ներկայ էին, ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնական համայնքներու կրօնապետներն ու ղեկավարները, փաստաբան Քէզպան Հաթէմի, ամուսինը Փրօֆ. Հաթէմի։ Մամլոյ ներկայացուցիչներու մասնաւոր հետաքրքրութեան արժանացած էին կրօնապետները՝ Յունաց Պարթոլոմէոս Պատրիարք, Հրէից Խախամապետ Իսաք Հալէվի, Իսթանպուլի Միւֆթիւն, Հայոց Պատրիարքական Փոխանորդ Արամ Սրբազան, Ասորի, Գլտանի, Պուլկար, Վրացի, Հայ Կաթողիկէ, Լատին Կաթոլիկ համայնքներու կրօնապետները, որոնք սեղանակից եղած էին Վարչապետ Էրտողանին։ Աղօթասաց մը արաբերէնով ու թրքերէնով կարդաց շատ գեղեցիկ աղօթք մը որ թէ՛ մահմետականներու, թէ՛ ոչ-իսլամներու կողմէ ունկնդրուեցաւ երկիւղածութեամբ։
Հրաւիրեալներու կարգին էր մեր Խմբագրապետը Ռ. Հատտէճեան որ երեկոյթին մասնակցեցաւ մեր անձնակազմէն Կարօ Համամճեանի ընկերակցութեամբ եւ իրեն սեղանակից ունեցաւ Թուրք Պաշտօնական Ծանուցումներու Խորհուրդի Տնօրէն Մէհմէտ Աթալայը, «Հիւրրիյէթ»ի աշխատակից Օքան Գոնուրալփը, Մայտա Սարիսը, հեռատեսիլի յայտագիրներու հեղինակ Հաքան Չէլիքը, եւայլն։
Մինչ հիւրերը մէկ առ մէկ իրենց տեղերը կը գրաւէին ու կը սպասէին որ իֆթարի հանդիսութիւնը սկսի, բեմին վրայ թուրք կամ փոքրամասնութեան պատկանող արուեստագէտներ նուագներ ու երգեր կը հրամցնէին։ Երբ իֆթարի ժամը մօտեցաւ, հաղորդուեցաւ որ վարչապետն ու կողակիցը ժամանած էին։ Վարչապետը մի առ մի ձեռնուեցաւ կրօնապետներուն հետ, հարցուց անոնց որպիսութիւնը, ապա սեղանակից եղաւ անոնց։ Այնուհետեւ լսելի եղաւ “էզան”ի կանչը ու բացուեցան իֆթարի սեղանները։
ԼԱՔԻ ՎԻՆԿԱՍ՝ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՈՎ
Առաջին խօսողն էր փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, որ շատ տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ հիանալի թրքերէնով։ Ան 162 վագըֆներու անունով ողջունեց ներկաները ու մաղթեց որ Րամազանի այս վերջին օրերուն մեր բոլորին աղօթքները ընդունելի դառնան։ Ան յիշեցուց որ Թուրքիոյ փոքրամասնական հիմնարկները գոյատեւելու բուռն պայքար կը մղեն անվհատօրէն։ Խօսեցաւ ո՛չ թէ միայն Իսթանպուլի համայնքներուն անունով, այլ յիշեցուց նաեւ Անատոլուի Արեւելեան նահանգներուն մէջ առկայ զանազան փոքր համայնքները։ Վինկաս ըսաւ որ հիմա այս կառավարութեան օրով շատ բան փոխուեցաւ ու մենք այլեւս ինքնավստահութիւն ունինք ու փրկուած ենք անցեալի մէջ գործադրուած ճնշումներէն։ Այլեւս հաշտուած ենք Պետութեան հետ, տեսանք որ այլեւս վախնալու բան չկայ պետութեան հետ շփում հաստատելու մէջ։
Լաքի Վինկաս ապա անդրադարձաւ Նոր Սահմանադրութեան պատրաստութեան գործընթացին ու դիտել տուաւ որ փոքրամասնութիւններն ալ իրենց տեսակէտները պէտք է պարզեն ու իրենց տեղը ունենան նոր Սահմանադրութեան մէջ։ “Նոր Սահմանադրութիւնը պէտք է ըլլայ նաեւ մեր Սահմանադրութիւնը”, ըսաւ Վինկաս։ Վինկաս ըսաւ որ այլեւս վերջացած է նաեւ խտրականութեան շրջանը։ Ան դիտել տուաւ որ փոքրամասնական համայնքներու 200 վարիչներ հոս ներկայ էին այս գիշեր։
ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ԽՕՍԵՑԱՒ ԱՆՑԵԱԼԻ ՈՒ ՆԵՐԿԱՅԻ ՄԱՍԻՆ
Լաքի Վինկասէն վերջ խօսք տրուեցաւ Ասորի համայնքի պետին, որմէ վերջ հայ համայնքի անունով բեմ հրաւիրուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Պետրոս Շիրինօղլու ողջունեց ներկաները ու շնորհաւորեց նաեւ Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան հիմնարկութեան տասնամեակը, եւ մասնաւորաբար իր խօսքը ուղղելով Վարչապետ Էրտողանին, յիշեցուց որ Վարչապետ Էրտողան առաջին Վարչապետն էր որ այցելած էր մեր հիւանդանոցը ու կատարած էր թանգարանին բացումը։ “Միասին քալեցինք այս ճամբաներուն վրայ” երգը երգած էր հոս ալ։
Շիրինօղլու ապա տուաւ անունները բոլոր այն նախարարներուն ու պաշտօնական անձնաւորութիւններուն որոնք յաջորդաբար զանազան առիթներով այցելած էին Հիւանդանոց։ Մի առ մի պատմեց թէ ինչ բարելաւումներ արձանագրուեցան Ա-Գէ-Փէի օրով, չմոռցաւ նաեւ յիշելու Աղթամարի եկեղեցիի նորոգութիւնն ու ուխտագնացութիւնը։ Յիշեցուց որ Վարչապետէն իր առաջին խնդրանքը ունեցած էր երբ Պէյօղլուի շէնքը գրաւուած էր, Վարչապետը ետ կեցուց այդ ապօրէն գործողութիւնը։ Աւելի վերջ վարչապետը զինքը ու Հերման Պալեանն ալ ընդունեց, շահագրգռութիւն ցոյց տուաւ։ Շիրինօղլու պատմեց որ ինք էր որ յիշեցուց թէ ինչպէս որ մզկիթը առանց մինարէի չ՚ըլլար, եկեղեցին ալ առանց խաչի չէր ըլլար, ուստի Վարչապետը հրահանգեց որ խաչ ալ դրուի Աղթամարի վրայ։ “Ձեր շրջանին է որ Հայաստանցի տղոց արտօնուեցաւ դպրոց երթալ”, ըսաւ Շիրինօղլու, յայտնելով որ այս բոլորը ցոյց կուտան թէ Վարչապետը ինչպիսի բարեացակամութիւն ունի փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։ Շիրինօղլու գնահատեց նաեւ Սոմալիի օգնելու մասին բացուած արշաւը։
Պետրոս Շիրինօղլուէն ետք ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հրեայ Համայնքի ներկայացուցիչը, որ գրեթէ նոյն նիւթերու շուրջ արտայայտուեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վերջին զարգացումներուն համար։
Այնուհետեւ քառորդ ժամուան դադար մը տրուեցաւ, որու ընթացքին այս հաւաքոյթին հրաւիրուած մահմետականները, գլխաւորութեամբ վարչապետին ու պետական աւագանիին, գացին պարտէզին շուրջ լարուած հսկայ վրաններու տակ իրենց նամազի աղօթքը ընելու։ Իսկ ոչ-իսլամ հրաւիրեալները այս քառորդ ժամը օգտագործեցին իրարու հետ խօսելով օրուան հարցերուն, մանաւանդ Պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած նոր կանոնագրութեան մասին։
ՊԻՒԼԷՆՏ ԱՐԸՆՉԷ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԶՕՐ ԵԼՈՅԹ
Յաջորդ ելոյթը եկաւ Վարչապետի Տեղակալ Պիւլէնտ Արընչէն, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ շատ տպաւորիչ ու համոզիչ ոճով խօսեցաւ։ Այս ճառախօսութիւնը փոքրամասնութիւնները գնահատելու ու մարդկային եւ հայրենակցական զգացումները ողջունելու տեսակէտէ գլուխ-գործոց ճառախօսութիւն մըն էր։ Արընչ նախ յիշեցուց որ անցեալ տարուան իֆթարին ինք մասնակցած էր եւ հիմա ուրախ էր որ այս տարի այս սեղանը կը կրկնուէր աւելի ընդարձակ մասնակցութեամբ մը։ Ապա ան երկար երկար պատմեց պատմութիւնը Օսմանեան շրջանի հրեայ հայրենակցի մը հիւանդ տղուն, Մանիսայի մէջ, ուր ատենօք հրեաներ կային եւ հիմա մէկ հատ իսկ չկայ։ Այս հրեայ տղան մահամերձ էր, բայց Մանիսայի հիւանդանոցին մէջ Շինասի անուն նշանաւոր բժիշկ մը դարմանեց զինքը ու փրկեց անոր կեանքը։ Տղուն հայրը ըսաւ որ աղքատ է ու դրամ չի կրնար վճարել բժիշկին, բժիշկն ալ պատասխանեց որ ասիկա վագըֆի հիւանդանոց է, աղքատէն դրամ չի պահանջուիր։ Հրեայ տղեկը որ շատ տպաւորուեցաւ, որոշեց որ եթէ ինք մեծնայ ու հարստանայ, նմանօրինակ հիւանդանոց մը պիտի կառուցանէ Մանիսայի մէջ։ Ապա ան ապրեցաւ փոթորկոտ կեանք մը, գնաց Եգիպտոս, ուր դրամ շահեցաւ, ապա անցաւ Ամերիկա ու հոն ալ շատ դրամ շահեցաւ, Թուրքիոյ բարքերը յիշեցնող պալատանման բնակարան մը կառուցանեց, իր մականունն ալ փոխեց զինքը փրկող բժիշկին Շինասի անուան հետ, բայց երբ մեռաւ, կտակին մէջ տեսնուեցաւ որ ան մէկ միլիոն տոլար թողած էր որպէսզի հիւանդանոց մը կառուցուի Մանիսայի մէջ։ Ասիկա կը ցոլացնէր հայրենակցական հաւատարմութեան ու հայրենասիրութեան հրաշալի պատմութիւն մը։
Արընչ ապա անդրադարձաւ կալուածները վերադարձնելու խնդրին եւ յստակօրէն ըսաւ որ ասիկա փոքրամասնութիւններու արդար իրաւունքն է։ Յիշեցուց թէ առաջին անգամ ինչ դժուարութիւններ ստեղծուեցան երբ հաստատեցին Վագըֆներու նոր օրէնքը, ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մինչեւ իսկ օրէնքին ջնջումին համար դատարան դիմեցին, բայց չկրցան յաջողիլ։
“Այլեւս չըլլա՛յ որ որեւէ մտահոգութիւն ունենաք, այս իրաւունքները ձեզի պիտի տրուին”, շարունակեց Արընչ։ Անցեալի մէջ գործուած սխալները անցեալի մէջ մնացին։ Յիշեցուց այն խօսակցութիւնը զոր ունեցած էին Վարչապետ Էրտողանին հետ։ Վարչապետը հարցուցած էր որ փոքրամասնութիւններուն իրաւո՞ւնքն էր կալուածներու վերադարձուիլը։ Իրենք ալ պատասխանած էին որ այո, անոնց իրաւունքն է։ Ուրեմն իրաւունքը սրբազան է, պէտք է որ կալուածները վերադարձնենք, ըսած էր Էրտողան։ Եւ հիմա անոնք պիտի վերադարձուէին։ Արընչ յիշեցուց որ քիչ առաջ բեմին վրայ իրարու քով երգեցին իսլամ եւ ոչ-իսլամ արուեստագէտներ։ Այս միասնութիւնը հրաշալի է։ “Եւ եթէ անոնք կան, Թուրքիան ալ կայ”։
Իր ելոյթի վերջաւորութեան Արընչ շնորհակալութիւն յայտնեց Քէզպան Հաթէմիին, կամ փոքրամասնութիւններու մասին տեղեկագիր պատրաստող մարմիններուն։ “Անոնք մեզ քննադատեցին, բայց մեզի բան սորվեցուցին այդ կերպով”, ըսաւ սրտաբացօրէն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց իր բոլոր գործակիցներուն։
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ԵԼՈՅԹԸ
Արընչ երկար ծափահարուցաւ։ Այնուհետեւ հասաւ սպասուած պահը, բեմ հրաւիրուեցաւ Վարչապետ Էրտողան, որ շատ գոհ երեւոյթ ունէր բնականաբար։ Էրտողանն ալ ըրաւ ճառախօսութիւն մը, յանպատրաստից, բայց հարուստ տեղեկութիւններով լեցուն, որ արժանի էր բառ առ բառ արձանագրուելու։
Վարչապետը պատմեց թէ որքան երջանիկ էր Իֆթարի այս սեղանին շուրջ փոքրամասնութիւններու հետ բոլորուելով։
“Ասիկա Իսթանպուլն է ահաւասիկ, ըսաւ ան, ասիկա այն քաղաքն է ուր էզանն ու եկեղեցիներու զանգերը քով քովի, նոյն փողոցին մէջ կը հնչեն։ Ասիկա մեր մասնայատկութիւնն է եւ լայն փորձառութիւն ապրած ենք այս ուղիին վրայ։ Աստուծոյ կամքով, ասիկա միշտ այսպէս ու խաղաղութեան մէջ պիտի շարունակուի։
“Դուք ալ գիտէք որ մեր այս միասնութիւնը շատ նշանակալից է, շարունակեց Էրտողան։ Ասիկա պարզապէս իֆթարի ճաշասեղան մը չէ, ասիկա անցեալի յիշատակները ու հայրենակցական զգացումները իրարու հետ բաժնելու հաւաքոյթ է։ Այս երկրին մէջ մեր սիրտը հարուստ է, բոլորին համար հաց ու ճաշ ունինք, բայց հիմնականը փոխադարձ սէրն է։ Հոն ուր սէր, հոն ուր “մուհապպէթ” կայ, հոն է որ կեանք կայ։ Հոս այլեւս խտրականութիւն չկայ, ուրիշը “ուրիշ” նկատելու հակում չկայ։
Էրտողան յիշեց Պոլսահայ գրող Պէրպէրեան մը, որ ատենօք ըսեր է որ Իսթանպուլ քաղաքը, տեսնել գիտցող աչքերու համար ծաղկեփունջ մըն է որ կազմուած է ամէն տեսակ ծաղիկէ ու խոտէ։ “Մենք պիտի չարտօնենք որ այս ծաղիկները թարամին”, ըսաւ Էրտողան։
Ապա Էրտողան յիշեց Եասսըատայի մէջ դատապարտուած ու իր մահկանացուն կնքած նշանաւոր հայ բժիշկ Զաքար Դարվերը։ Ըսելով որ այս անձին ու միւսներուն պատճառաւ “Եասսըատա”ն դարձաւ “Եասլըատա” մը, սուգի կղզի։ Վարչապետը յիշեց երեսփոխան Զաքար Դարվերի կողմէ Խորհրդարանին մէջ կատարուած ճառախօսութիւն մը ուր ան ըսած էր որ այս երկրին մէջ ոչ-իսլամները իրենց ճակատագիրը կապած էին իսլամ հայրենակիցներու ճակատագրին։ Ասիկա լաւագոյն կերպով կը ցոլացնէր այն միասնութիւնը, որուն մէկ օրինակը կ՚ապրինք այս գիշեր։
(ՄԱՐՄԱՐԱ- Տքթ. Զաքար Դարվեր մօտիկ անցեալի ամէնէն նշանաւոր շողանկարի մասնագէտն էր Թուրքիոյ մէջ, արժէքաւոր հայ մտաւորական մը, հայ մշակոյթի սիրահար մարդ, որ երեսփոխան ընտրուեցաւ անբախտ շրջանի մը, Ատնան Մէնտէրէսի հետ աքսորուեցաւ Եասսը Ատա, եւ հոն զրպարտութեան մը զոհ երթալով ծանր տանջանքներու ենթարկուեցաւ ու իր կեանքը կորսնցուց)։
Վարչապետը այս մէջբերումը ընելէ ետք, շարունակեց ու ըսաւ որ գտնուեցան գրգռիչներ որոնք աշխատեցան այս միասնութիւնը խանգարելու։ Բայց մենք ի դերեւ հանեցինք անոնց այդ գրգռութիւնները։ Մենք պիտի չարտօնենք որ այս միասնութիւնը խանգարուի։ Անոնք ալ արդէն անգամ մըն ալ նոյն յանդգնութիւնը չկրցան ունենալ։
Էրտողան ապա ըսաւ որ փոքրամասնութիւնները ատենօք չկրցան ապրիլ իրենց ազատութիւնը, անիրաւութիւններու ենթարկուեցան, բայց ասիկա անցեալի մէջ մնաց այլեւս։ Սումէլաները, Աղթամարները շատ բան կը նշանակեն այսօր։ Այսօր այլեւս ոչ մէկ հայրենակից ուրիշ հայրենակիցէ մը գերիվեր է, բոլորն ալ առաջին կարգի հայրենակից են։ Տարբերութիւն չկայ։ “Բոլորին ալ կեանքի ու ինչքի անվտանգութիւնը պահպանել մեր պարտականութիւնն է։ Հարիւր տոկոս յաջողեցա՞նք։ Պիտի ջանանք որ հարիւր տոկոս յաջողած ըլլանք։ Մենք բոլորը հաւասարապէս կը սիրենք”։
Վարչապետը ապա դիտել տուաւ որ Ա-Գէ-Փէի ինը տարիներու ընթացքին գրեթէ բոլոր թապուները փլցուեցան, “ջանացինք քայլ յարմարցնել Եւրոմիութեան, որ սակայն երկու չափ-երկու կշիռ կը գործածէ Թուրքիոյ նկատմամբ։ Բայց Թուրքիա իր ճամբան պիտի շարունակէ որդեգրելով Եւրոպայի չափանիշները, նոյնիսկ եթէ Եւրոպան մերժէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը։
Ապա Էրտողան անցաւ բուն նիւթին որ Վագըֆներու Օրէնքի նիւթն էր։ “Այսօր ալ հոս պարապ ձեռքով չեկանք”, ըսաւ Էրտողան, որ յիշեցուց մէկ օր առաջ Պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած նոր կանոնագրութիւնը։ Մէկ տարուան մէջ դիմում կատարելու պարագային թափուի գրասենեակները վագըֆներու անունին պիտի արձանագրեն բռնագրաւուած բոլոր կալուածները։ “Խերով ըլլայ”, ըսաւ Վարչապետը եւ աւելցուց. “Վստահ եմ դուք ալ կը հասկնաք թէ որքան կարեւոր է այս միասնութիւնը”։
Ապա Էրտողան երկու անգամ “Արժէքաւոր բարեկամս Պետրոս” անուանելով յիշեց Պետրոս Շիրինօղլուի ելոյթը , ուր ան ըսած էր որ հիմա նոր դարաշրջան մը սկսած էր փոքրամասնութիւններու համար։ Պատմեց որ հրահանգած էին որ Պաշտօնական Ծանուցումներու Խորհուրդը օգնէ փոքրամասնական վեց թերթերու։ Մինչեւ որ օրէնքը փոխուի ու թերթերուն ծանուցում տրուի, նիւթական այս օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի, ըսաւ Էրտողան։ “Հիմա տարբեր կլիմայ մը ստեղծած ենք”, ըսաւ Էրտողան, նոր Սահմանադրութիւնը նոր հորիզոններ պիտի բանայ երկրին մէջ։ “Մենք մեր հայրենակիցները մեզի աւանդ թողուած արժէքներ կը նկատենք”, ըսաւ ան։
Էրտողան ապա անդրադարձաւ Սոմալիի թշուառութեան ու ըսաւ որ Ա-Գէ-Փէ հոն է ուր օժանդակութեան կարիք կայ։ Առանց խտիր դնելու իսլամ կամ ոչ-իսլամ երկիրներու միջեւ։ Հոս դարձեալ յիշեց Պետրոս Շիրինօղլուն եւ ըսաւ որ Շիրինօղլու քիչ առաջ իրեն յանձնեց Հիւանդանոցի անունով հարիւրհազար լիրայի չէք մը որ պիտի տրամադրուի Սոմալիի։ Այս լուրն ալ ողջունուեցաւ ծափահարութիւններով։
Այնուհետեւ Էրտողան իր ճառախօսութիւնը աւարտին բերաւ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, սկսելով Լաքի Վինկասէն, իր պետական գործակիցներէն մինչեւ բոլոր այն անձերը որոնք կազմակերպեցին այս միասնութիւնը։
“Այս միասնութիւնը յաւերժական թող ըլլայ” ըսաւ Էրտողան։
ԵՐԱ՞Զ ԷՐ ԹԷ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Էրտողանի ելոյթը զարմանահրաշ էր։ Ան այսքան թիւերով, եկեղեցիներու կամ պատմական շէնքերու անուններով, թուականներով խճողուած իր խօսակցութիւնը կ՚ընէր առանց թուղթի վրայէն կարդալու, ամէն ինչ կը տրուէր յիշողութեան գծով ինչ որ ցոյց կուտար թէ Վարչապետը շատ լաւ պատրաստուած էր կամ թէ արդէն շատ լաւ գիտէր այս նիւթերը։ Եւ ըսե”լ որ երէկ գիշերուան ճառախօսութիւնը նոյն օրուան մէջ հոս հոն նախապէս խօսուած ինչ ինչ ճառախօսութիւններու վերջինն էր։
Վարչապետին ելոյթէն ետք համայնքներու ղեկավարները մէկ առ մէկ բեմ գալով նուէրներ յանձնեցին Վարչապետին ու լուսանկարուեցան զանազան խումբեր կազմելով։ Ներկաներն ալ խումբեր կազմեցին ու զրոյցներ ունեցան։ Այդ միջոցին մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանն ու Կարօ Համաճեանն ալ առիթն ունեցան տեսակցելու Փոխ Վարչապետ Պիւլէնտ Արընչի հետ, որ զանոնք տեսնելով հարցուց թէ «Մարմարա»ն ինչեր գրած էր այս մասին։ Ընթացաւ զրոյց, մեր Խմբագրապետը շնորհաւորեց մեծայարգ Արընչի ճառախօսութիւնը ու ըսաւ որ միշտ հիացումով կը լսէ անոր համով խօսակցութիւնները։
Երեկոյթը այս մթնոլորտին մէջ շարունակուեցաւ։ Բոլոր ներկաներուն դէմքին վրայ, իսլամ կամ ոչ-իսլամ հասարակաց ուրախութեան մը ցոլացումը կար, ամէն մարդ երջանիկ էր։ Իսկ ոչ-իսլամ հայրենակիցները իրարու կը հարցնէին թէ ասիկա երա՞զ էր, թէ ոչ իրականութիւն։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
http://www.normarmara.com/arsiv/2011/08/290811lu.html
Leave a Reply