Պաշտօնաթերթի Մէջ Հրատարակուած Նոր Յօդուածի Համաձայն Երրորդ Ձեռքերու Փոխանցուած Կալուածներուն Ալ Փոխարժէքը Պետական Գանձէն Պիտի Վճարուի Սեփականատէր Հիմնարկին
Նախընթաց օր, Շաբաթ, Պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուեցաւ փոքրամասնութիւններու գրաւուած ինչքերը վերադարձնելու կապակցութեամբ յաւելուածական նոր կանոնագրութիւն մը, որ կուգայ լեցնել այս մասին նախապէս հրատարակուած կանոնագրութեան պարապ մասերը։ Ասոնցմէ ամէնէն կարեւորն է փոքրամասնութիւններէ գրաւուած, բայց երրորդ անձերու փոխանցուած կալուածներուն ճակատագիրը, որ նախորդ կանոնագրութեան մէջ անորոշ թողուած էր։ Իսկ նախընթաց օր հրատարակուած “օրէնքի համազօր կանոնագրութիւնը” յստակ կերպով կը յայտնէ թէ երրորդ ձեռքերու փոխանցուած կալուածները թէեւ պիտի չվերադարձուին, բայց անոնց օրուան սակի համաձայն փոխարժէքը Պետական Գանձին կողմէ պիտի վճարուի նախկին տէրը հանդիսացող փոքրամասնական հիմնարկին։ Սակը պիտի ճշդուի Ելմտական Նախարարութեան կողմէ։ Ասկէ զատ, անգամ մը եւս կը յստականայ կառավարական որոշումը ըստ որու 1936ի պէյաննամէներու լոյսին տակ բռնագրաւուած կալուածները, դիմումի պարագային, պիտի վերադարձուին իրենց տէրերուն ու անոնց անունով պիտի արձանագրուին պաշտօնապէս։
Փոքրամասնական վագըֆները այժմ 12 ամսուան ընթացքին պէտք է դիմում կատարեն։ Այնուհետեւ, պայմանաւ նաեւ որ Խորհրդարանն ալ վաւերացնէ, շահագրգիռ թափուի տնօրէնութիւնները փոքրամասնական վագըֆի անունին պիտի արձանագրեն բռնագրաւուած կալուածները, գերեզմանները, աղբիւրները, շէնքերը, եւայլն։
Հետաքրքրական է որ այս նոր կանոնագրութիւնը, որ անշուշտ փոքրամասնական վագըֆներու սպասածն էր, Պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուեցաւ Փոքրամասնութիւններու կողմէ Վարչապետ Էրտողանի ներկայութեամբ սարքուած երէկուան իֆթարի սեղանէն մէկ օր առաջ։
Ի՞ՆՉ ԸՍԱՒ ՔԷԶՊԱՆ ՀԱԹԷՄԻ
Երէկ քանի մը տեղական թերթեր լայն սիւնակներ տրամադրած էին այս ուրախացուցիչ լուրին։ Փաստաբան Քէզպան Հաթէմի, որ միշտ պաշտպան կանգնած է փոքրամասնութիւններու իրաւունքին, ըսաւ որ Վարչապետ Էրտողանի անունը պատմութեան պիտի անցնի այս որոշումներուն շնորհիւ։
Էրտողան եւ Պիւլէնտ Արընչ իրականացուցին այն խոստումը զոր ըրած էին երկու տարի առաջ։ Րամազանի տօնը հիմա փոքրամասնութիւններու համար ալ տօն դարձաւ։
“Անձամբ Վարչապետն էր որ պահանջեց որ անիրաւօրէն գրուած այս կալուածները վերադարձուին փոքրամասնութիւններուն, այս կերպով Էրտողանին անունը պատմութեան պիտի անցնի, իսկ Եւրոմիութիւնը, որ միշտ մատին կը փաթթէր այս հարցը, ասկէ վերջ պիտի չկարենայ Թուրքիոյ դէմ խօսիլ այս հարցի կապակցութեամբ”, ըսաւ Հաթէմի։
Ի՞ՆՉ ԸՍԱՒ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸ
“Րատիքալ”ի թղթակիցը երէկ շօշափած էր նաեւ կարծիքը Կէտիկփաշայի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Յարութիւն Շանլըի որ խօսած է սապէս.
“Իրականութիւն է որ այս կալուածները փոքրամասնութեան կը պատկանին։ Ա-Գէ-Փէ կառավարութեան շնորհիւ մեր բռնագրաւուած կալուածներուն մէկ մասը սկսաւ վերադարձուիլ, բայց տակաւին շատ երկար ճամբայ պէտք է կտրուի։ Երախտագիտութիւն կը յայտնեմ այժմու կառավարութեան, բայց տակաւին 280 կալուածներ կան որոնք պէտք է վերադարձուին։ Ասոնցմէ միայն 12ը վերադարձուեցաւ ցարդ։ Միայն թէ սա պահուն կալուածներէ աւելի կարեւոր խնդիրներ ունինք։ Օրինակ՝ կրթական խնդիր, կամ Պատրիարքարանի բարոյական անձնաւորութեան ճանաչումը, եւայլն։ Կը հաւատամ որ այս բոլորը պիտի յաղթահարուին կառավարութեան շինիչ քաղաքականութեան շնորհիւ։ Կը յուսանք որ ասկէ վերջ փոքրամասնութիւններու խնդիրը պիտի չկարենայ զբաղեցնել Եւրոմիութեան շրջանակները։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱՓՈՅԵՒՄԱԹԻՆԻԻ ԽՄԲԱԳԻՐԸ
«Րատիքալ»ի աշխատակիցը խօսած է նաեւ Ափոյեւմաթինի յունական թերթի խմբագիր Միխայիլ Վասիլիատիսի հետ, որ խնդրին մօտեցած է յունական համայնքի իւրայատուկ վիճակէն մեկնելով։ Վասիլիատիս կ՚ըսէ որ իրենց բուն հարցը ազգաբնակչութեան թիւն է, ոչ թէ կալուածներու խնդիրը։ Յոյն համայնք գրեթէ չէ մնացած։
Վարչապետը թէեւ կը յանձնարարէ որ ամէն ընտանիք երեք զաւակ աշխարհ բերէ, բայց մեր յոյները տարիքոտ են ու բազմանալու կարելիութիւն չունին։ Կալուածներուն վերադարձուիլը լաւ է, բայց այդ կալուածները ասկէ վերջ ի՞նչ օգուտ պիտի բերեն մեր փոքրացած համայնքին։ Յունական համայնքը ընտրութիւն կ՚ընէ, բայց նոյնիսկ չի յաջողիր ընտրել այս հարցերը լուծելու ատակ վարչութիւն մը։
Յունական համայնքի կալուածներուն վերադարձուիլը սա պատկերը կը յիշեցնէ. հիւանդ մը կայ որ պաղառութենէ կը տառապի, բայց նաեւ ունի քաղցկեղ։ Մենք քաղցկեղը թողած ենք ու պաղառութեան դարմանումին կը նայինք։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
http://www.normarmara.com/arsiv/2011/08/290811lu.html
Leave a Reply