Ասիկա պատմական առաջին քայլ մը կը նկատենք Հանրապետութեան պատմութեան մէջ
Մեր ընթերցողները տեղեակ են թէ փոքրամասնական թերթերու նիւթական դժուարութիւններուն օգնական ըլլալու նպատակով Անգարա զօրակոչի ենթարկած էր Թուրքիոյ Պաշտօնական Ծանուցումներու Խորհուրդը (Րէսմի Իլան Քուրումու). այս մարմինն ալ որոշած էր իր կանոններուն մէջ փոփոխութիւն մը ընել եւ փոքրամասնական թերթերուն օժանդակել, առանց առանց արգելք նկատելու անոնց տպագանակին կամ անձնակազմին փոքրիկ թիւը։
Այս նպատակով, Խորհուրդը Ընդհանուր Տնօրէն Մէհմէտ Աթալայի հրաւէրով ժողով մը գումարուած էր եւ փոքրամասնական թերթեու խմբագիրները իրենց տեսակէտները պարզած էին։ Շատ ուշագրաւ էր Մէմէտ Աթալայի ու Խորհուրդի միւս աշխատակիցներուն բարի կամեցողութիւնը փոքրամասնական թերթերու նկատմամբ։
Արդ, անոնց այդ տրամադրութիւնը շօշափելի ու գործնական արդիւնք տուաւ, բարեփոխուած կանոնագրութենէն օգտուելով Խորհուրդը 2011 թուականին համար յատկացուց բաւական կարեւոր գումար մը, որ պիտի բաժնուէր վեց փոքրամասնական թերթերու միջեւ։ Իւրաքանչիւր թերթին ինկած բաժինն ալ Ուրբաթ օր յանձնուեցաւ իրենց։ Նախագահ Մէհմէտ Աթալայ եւ այս հարցին պատասխանատու Մէհմէտ Քէռշքէր իսկապէս ազնիւ տրամադրութիւն ցոյց տուին, հսկելով ամբողջ գործողութեան վրայ։ Այս ուրախալի արդիւնքին մէջ իր անուրանալի բաժինն ունէր նաեւ Փոքրամասնութիւններու Ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս։
«Մարմարա»յի խմբագրութիւնը այս բարեացակամ հոգածութեան ու ցուցաբերուած ջերմ շահագրգռութեան համար շնորհակալ է նախ մեծայարգ Վարչապետ Թայիպ Էրտողանին, ապա Պաշտօնական Ծանուցումներու Խորհուրդի Ընդհանուր Տնօրէն Մէհմէտ Աթալայի, բաժնի վարիչ Մէհմէտ Քէօշքէրին, նաեւ Փաքրամասնութիւնները արժանաւորապէս ներկայացնող Լաքի Վինկասին։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ այս նոր զարգացումը ներկայ կառավարութեան կողմէ առնուած պատմական քայլ կրնանք նկատել փոքրամասնութիւններու ի նպաստ։ Գիտենք, որ այս հոգածութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ տարիներու ընթացքին ալ։
http://www.normarmara.com/arsiv/2011/08/270811lu.html
Leave a Reply