ԱՆԳԱՐԱ, «Ճիհան».- Գերմանիոյ Պատեն Վութենպուրկ նահանգի կառավարութեան մէջ օտարներու
միաձուլման հարցերու նախարարի պաշտօնը ստանձնած թրքածին Պիլքայ Օնէյ, վերջերս զայրացուցած է Գերմանիա հաստատուած թուրքերը, երբ խոստովանած է, թէ թուրքերը ապակայունութեան եւ խռովութեանց ազդակ մըն են Գերմանիոյ ընկերութեան մէջ:
«Գերմանիոյ մէջ թուրքերուն թիւը որքա՛ն շատնայ, խռովութեանց հաւանականութիւնը նոյնքա՛ն պիտի աւենայ», ըսած է ան հարցազրոյցի մը ընթացքին, միաժամանակ ընդունելով, որ թուրքերու ուսման եւ իմացական մակարդակը գերմանացիներէն շատ ցած կը մնայ:
Պերլինի մէջ թրքական կազմակերպութիւն մը խստօրէն դատապարտած է նախարարին «խտրականական» արտայայտութիւնները:
http://asbarez.com/arm/108266/
Leave a Reply