Բրիտանիոյ մէջ վերջերս իրականացուած հետազօտութիւնը կը հերքէ այն վարկածը, որուն համաձայն ժամանակակից եւրոպական տղամարդոց մեծ մասը կը սերին 5–10 հազար տարի առաջ Անատոլիայէն գաղթած հողագործներէն: Նոր տուեալները կը հաստատեն այն պնդումները, որ ներկայ եւրոպացի տղամարդոց զգալի մասը կը սերի որսորդ բնիկ եւրոպացիներէն, որոնք ապրած են քարէ դարուն:
Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են “Proceedings of the Royal Society B” ամսագրի մէջ:
Հնագիտական պեղումները ցոյց տուած են, որ ներկայ եւրոպացիներու նախնիները Եւրոպայի մէջ սկսած են ապրիլ մօտ 40 հազար տարի առաջ, իսկ 20 հազար տարի առաջ սկսած է սառցէ դարաշրջանը, որ ստիպած է անոնց գաղթել աշխարհամասի հարաւ: Կլիմայի տաքնալէն ետք անոնք վերադարձած են բնակութեան նախկին շրջանները:
Անկէ մի քանի հազար տարի անց որսորդ եւրոպացիները իւրատեսակ մշակութային շոք ապրած են, երբ անոնց մօտ Անատոլիայէն գաղթած է հողագործ բնակչութիւնը, որոնց մօտ տարբեր եղած է ինչպէս կենսակերպը, այնպէս ալ տնտեսական յարաբերութիւնները:
Բրիտանական հետազօտութեան արդիւնքով պարզուած է, որ Անատոլիայէն հողագործներուն բնորոշ քրոմոզոմը պահպանուած է ժամանակակից եւրոպական մօտ 100 միլիոն տղամարդու մօտ, որոնք կը բնակին գլխաւորաբար Սպանիոյ, Իռլանտայի ու Ուելսի մէջ:
Պէտք է նշել, որոշ գիտնականներու նախապէս կատարած ուսումնասիրութիւններուն համաձայն այդ նոյն քրոմոզոմի տարածուածութիւնը կ’աճի դէպի աշխարհամասի արեւելք շարժման զուգահեռ եւ գագաթնակէտին կը հասնի ներկայ Թուրքիոյ մէջ: Այս վերջին հետազօտութեամբ կը հաստատուի այս վարկածը, քանի որ Եւրոպայի արեւելքին ու Մերձաւոր արեւելքի մէջ բնակող տղամարդոց մօտ նշուած քրոմոզոմի մէջ էական տարբերութիւններ չկան: Ասոր մասին կը հաստատէ անոնց ընդհանրութիւնը:
Հետազօտողները սակայն, կը շեշտեն, որ դեռ չեն կրնար յստակ ըսել, թէ “այդ ժառանգական կէտը երբ սկսած է քալել Եւրոպայով”: Ատոր համար անհրաժեշտ են յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ:
Tert.am
25.08.11
Leave a Reply