Համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն մասնակցութեամբ ժողով՝ Պատրիարքարանի երդիքին տակ

Երէկ երեկոյեան, Պատրիարքարանի «Պէզճեան Ամիրա» սրահին մէջ գումարուեցաւ համայնքային հաստատութիւններու վարիչներու մասնակցութեամբ ժողով մը, նոր Սահմանադրութեան մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու հարցը քննարկելու նպատակով։ Ժողովին կը նախագահէր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, իր կողքին ունենալով Թաթուլ Հայր Սուրբը, Գրիգոր Ա. քահանան, Տրդատ քահանան եւ կառավարութեան մօտ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկասը։
Ժողովը վարելու պաշտօնը ստանձնեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Բ. Ատենապետ պրն. Գրիգոր Տէօշմէճեան, որ համայնքային վարիչներու ուշադրութեան յանձնեց այն հարցերը թէ նոր Սահմանադրութեան մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու համար ի՞նչեր կարելի է պահանջել իշխանութիւններէն եւ ինչպէ՞ս կարելի է օգտուիլ նոր զարգացումներէն, Եւրոմիութեան անդամակցութեան բարեշրջումներու շրջագծով։
Նախ խօսք տրուեցաւ Լաքի Վինկասի, որ նշեց թէ լուրջ գործընթաց մը կը սպասուի նոր Սահմանադրութիւնը մշակելու եւ պատրաստելու աշխատանքին մէջ։ Իր պաշտօնավարութեան 2.5 տարիները դրական արդիւնքներ տուած են փոքրամասնութիւններու շահերը պաշտպանելու տեսակէտէ։ Բացի ատկէ, փոքրամասնութիւններու միջեւ կապերն ա՛լ աւելի ընլայնած եւ խորացած են։ Յիշեցուց, որ այս Կրիակի, 162 վագըֆներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ իֆթարի ճաշկերոյթ մը կը պատրաստուի, որուն ներկայութիւն պիտի բերէ նաեւ վարչապետ Էրտողան։ «Մեր բոլորի պարտականութիւնն է աշխոյժ ու համակարգուած աշխատանքով մեր տեղը գտնել նոր Սահմանադրութեան մէջ. պաշտպանել մեր քաղաքացիական, կրօնական իրաւունքները, յստակացնել որպէս Թուրքիոյ քաղաքացի մեր կարգավիճակը, որպէսզի նո Սահմանադրութեան այդ բոլոր իրաւունքները լաւագոյնս ամրագրուած ըլլան», ըսաւ Վինկաս։
Յետոյ կարգաւ խօսեցան զանազան ազգային վարիչներ, որոնք բոլորն ալ պնդեցին, թէ Լոզանի դաշնագրով ամրագրուած իրաւունքները անպայման պէտք է իրենց ցոլացումը գտնեն նոր Սահմանադրութեան մէջ։ Շեշտուեցաւ, որ աշխատանքները համակարգելու համար անհրաժեշտ է կազմել յանձնախումբ մը, որ մօտէն պիտի հետեւի զարգացումներուն եւ պիտի քննարկէ հարցերը, իսկ յետոյ անոնցմէ տեղեակ պիտի պահէ համայնքային վարչիները։ Կարգ մը վարիչներ կերպով մը յուսահատ էին ու նշեցին, թէ Լոզանի դաշնագրով ալ փոքրամասնութիւններուն բազմաթիւ իրաւունքներ շնորհուած են, բայց այդ իրաւունքները լաւագոյնս չեն գործադրուիր, այժմ նոյնը կրնայ պատահիլ նոր Սահմանադրութեան մէջ։ Այս տեսակէտին փոխադարձելով Մուրատ Պէպիրօղլու նշեց, թէ Լոզանի դաշնագրին ներհակ Սահմանադրութիւն մը չի կրնար պատրաստուիլ։
Միջոց մը ժողովը հունէն ելաւ ու վարիչներ սկսան ամէն մէկը իր տեսակէտին վրայ պնդել եւ ըսի-ըսաւներու ետեւէն իյնալ։ Հանդիսավար Գրիգոր Տէօշէմէճեան անմիջապէս միջամտեց եւ ամփոփելով ժողովի արդիւնքները, ըսաւ որ սկզբնական աշխատանքներու առանցքային գիծերը այլեւս յայտնի դարձած են, ուստի ասկէ վերջ փոքրամասնութիւնները յանձնաժողովներ հիմնելով պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը։
Արամ Սրբազան ժողովը փակելէ առաջ իր գաղափարները փոխանցեց ժողովականներուն։ Ըսաւ, որ անշուշտ թէ գա՛ափարներու փոխանակումն ու այս նիւթին շուրջ քննարկումները պիտի շարունակուին։ Ցաւով նշեց, որ կրկին միասնութենէ հեռու ենք։ «Այս Կիրակի, Իֆթարի ճաշկերոյթ մը կայ եւ լսեցի, թէ կարգ մը վարիչներ պիտի չմասնակցին այդ ճաշկերոյթին։ Ես կը խնդրեմ, որ բոլորդ ալ ամբողջական կազմով ներկայ գտնուիք այդ հաւաքոյթին։ Մենք մեր միջեւ վիճաբանութիւններ կրնան ունենալ, բայց ատոնք մեր համայնքին ներքին հարցերն են։ Բայց միասին պէտք է ըլլանք համայնքէն դուրս», ըսաւ Արամ Սրբազան եւ Տէրունական Աղօթքով վերջացուց ժողովը։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
Leave a Reply