ԱՄՆ (Պոսթըն) լոյս տեսնող Armenian Weekly շաբաթաթերթը հրապարակած է յօդուած մը, ուր Թուրքիոյ մէջ գործող քրիստոնէական եկեղեցիներու առնչութեամբ որոշ տուեալներ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Ֆրենսիս Ռիկարտոնէի ուշադրութեան։
Դեսպան Ռիկարնոնեն, վերջերս անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ գործող քրիստոնէական եկեղեցիներուն, կեղծ հիմնաւորումներ կատարած էր անոնց առնչութեամբ, ուռճացուցած Թուրքիոյ մէջ ներկայիս գործող եկեղեցիներու թիւը:
Պարբերականը կ’ընդգծէ, որ մինչեւ 1915 Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ գործած Հայ առաքելական եկեղեցիներու թիւը 2300 էր, իսկ այսօր Թուրքիոյ մէջ կը գործէ ընդամէնը 34 առաքելական եկեղեցի` 28 Սթամպուլի մէջ, 6` Արեւելեան Անատոլի (Արեւմտեան Հայաստան, «Ակունք»):
Armenian Weekly–ն կ’ընդգծէ, որ եթէ Հայ առաքելական եկեղեցիներու թիւին (2300) գումարուի նաեւ մինչեւ 1915 գործած հայ կաթոլիկ, աւետարանական, բողոքական եկեղեցիներու, յունական եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ եւրոպական տարբեր համայանքներուն պատկանող կաթոլիկ, բողոքողական եւ ուղղափառ եկեղեցիներու թիւը, ապա “կարելի է հեշտութեամբ կրկնապատկել այդ թիւը”:
Պարբերականը այնուհետ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս գտնուող (ոչ միայն գործող) հայկական եւ միւս բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներու ցանկը, որ ընդամէնը կը կազմէ 151 անուն (պարբերականը կ’ընդգծէ, որ ցանկի մէջ ներառուած չեն միայն վերջին տարիներուն կառուցուած քրիստոնէական մի քանի եկեղեցիներ):
Յիշեցնենք, որ ամերիկացի ծերակուտական Ռոպերթ Մենենդեսի այն հարցին, թէ “մինչեւ 1915 ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գործած 2000էն աւելի քրիստոնէական եկեղեցիներէն քանի՞ն այսօր կը գործեն իբրեւ եկեղեցիներ”, Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանը ըսած էր, թէ անոնց մեծ մասը, իսկ օրեր առաջ որոշակի ճշտումներ մտցուցած էր իր պատասխանի մէջ, բայց այնուհանդերձ ուռճացուցած էր Թուրքիոյ մէջ այժմ գործող եկեղեցիներու թիւը: “Ձեր թոյլտւութեամբ ես հնարաւորութենէն կ’օգտուիմ` տուեալներու մէջ ճշտումներ մտցնելու համար,–նշած է դեսպանը իր նոր պատասխանի մէջ,– մինչեւ 1915ի Թուրքիոյ մէջ գործած քրիստոնէական եկեղեցիներու մեծ մասը իբրեւ եկեղեցիներ այլեւս չեն գործեր: Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական համայնքին մօտ կանգնած աղբիւրները կը յայտնեն, որ 1915էն եւ աւելի վաղ ժամանակաշրջանէն յիշատակուող 200-250 եկեղեցի տարին առնուազն մէկ անգամ կրօնական պատարագներ կը կազմակերպեն: Շատ եկեղեցիներու մէջ ամէն շաբաթ ժամերգութիւն տեղի չի ունենար` հոգեւորականներու եւ քրիստոնեայ բնակչութեան ոչ բաւարար քանակի պատճառով: Որոշ եկեղեցիներ իբրեւ թանգարաններ կը գործեն, միւսները վերածուած են մզկիթներու: Մէկ մասն ալ խարխլուած է, կամ, ամբողջութեամբ ոչնչացուած”,– իր նոր պատասխանի մէջ նշած էր դեսպանը:
Tert.am
Leave a Reply