ԱՆԳԱՐԱ, «Ճազիրա».- Թուրքիոյ զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը Երեքշաբթի, Օգոստոս 23ին հաղորդեց, թէ վերջին վեց օրերուն ընթացքին թրքական օդուժի եւ հրետանիի ռմբակոծումներուն թիրախ դարձած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիւսիսային Իրաքի դիրքերուն մէջ սպաննուած են 90էն 100 քիւրտ զինեալներ եւ վիրաւորուած են 80 ուրիշներ:
Յայտնենք, թէ Կիրակի օր հաղորդուած էր, որ թրքական ռմբակոծումներուն զոհ գացած են նաեւ 7 իրաքցի քաղաքայիններ:
Մօտաւորապէս մէկ տարուան համեմատական խաղաղութենէն ետք, թրքական յարձակումը սկսաւ անցեալ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17ին, իբրեւ հակադարձութիւն թրքական ուժերու դէմ քիւրտերու իրականացուցած շարք մը յարձակումներուն:
Միւս կողմէ, «Վաթան» թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ, անդրադառնալով Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան թիւ 2 ղեկավարը նկատուող Մուրաթ Քարայըլանի ձերբակալման շուրջ տարաձայնութեանց՝ ըսած է, թէ այդ մասին յստակ տեղեկութիւններ չունի: Արընչ ըսած է, որ թէեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապ ունեցող շարք մը պատկերասփիւռի կայաններ յայտարարած են, որ ան ուղղակի պատկերասփռուած յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ, սակայն այդ մէկը տեղի չէ ունեցած տակաւին։
Նաեւ, «Թիւրքիյէ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղրկուած նպաստներուն ճամբան փակելու համար, Եւրոպայի մէջ դիւանագիտական նախաձեռնութեան մը պիտի ձեռնարկէ։
http://asbarez.com/arm/107974/
Leave a Reply