Շաբաթ 20 Օգոստոս 2011-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ եզրափակուեցաւ, երկու օրեր առաջ սկսուած Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարը, հովանաւորութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, գործակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին:
Նախքան եզրափակման նիստը, Թ. եւ Ժ. նիստերը գումարուեցան, որոնք դարձեալ ունէին իրենց օրակարգերը, նուիրուած Արեւմտահայերէնի պահպանման կենսական հարցին:
Թ. Նիստը քննարկեց «Եկեղեցւոյ, հայ ընտանիքի եւ ազգային կառոյցներու դերը Արեւմտահայերէնի պահպանման ու բիւրեղացման մէջ» նիւթը: Նիստը վարեց Վերա Թահմազեան, իսկ այդ մասին զեկոյցներ ներկայացուցին Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, Սեդա Խտըշեան՝ Լիբանանէն, եւ Ժիրայր Ռէիսեան՝ Սուրիայէն:
Զեկուցաբերները Եկեղեցւոյ, ընտանիքին ու ազգային կառոյցներուն շրջապատէն ներս հայոց լեզուն բիւրեղացնելու առաջարկներուն հետ, ցոյց տուին այն պատճառները, որոնց հետեւանքով աղաւաղման ու կորստեան վտանգին կ՚ենթարկուի Արեւմտահայերէնը: Սեդա Խտըշեան եւ Ժիրայր Ռիէիսեան յատկապէս քննարումի ենթարկեցին հայ ընտանիքէն ու մեր կառոյցներէն ներս բծախնդրութիւն ցուցաբերելու հրամայականը: Նիստի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հերա Իսկէնտէրօղլու՝ Թուրքիայէն, որ յատկապէս Իսթանպուլի հայկական վարժարաններուն լեզուամակարդակի իրավիճակը ներկայացուց:
Վերջին՝ Ժ. Նիստով քննարկուեցաւ ներկայ արհեստագիտութեան այս գծով բերելիք նպաստին արժմէական հարցը: Օրակարգի նիւթն էր «Արդի արհեստագիտութեան սփիւռքահայ վարժարաններուն մէջ օգտագործման ընդհանուր ծրագիրի մշակում եւ մարդոյժի պատրաստութեան հարց»ը: Նիստը վարեց Արմէն Իւրնէշլեան՝ Լիբանանէն, իսկ զրոյցին մասնակցեցան Մինաս Հանսքէհեան՝ Լիբանանէն, Մաթիկ Էպլիղաթեան՝ Սուրիայէն եւ Արծիւ Տէր Խաչատրուեան՝ դարձեալ Լիբանանէն: Զրոյցին մասնակիցները ներկայացուցին այն կարելիութիւնները որոնք արդի արհեստագիտութիւնը կ՚ընձեռէ մեզի, մեր լեզուն աւելի արագ, աւելի դիւրին ու նոր սերունդին աւելի մատչելի կերպով սորվեցնելու: Համակարգիչի, համացանցի ու լսատեսողական բոլոր միջոցներու օգտագործումը, անժխտելի ներկայութիւն են արդի մարդու կեանքին մէջ, որոնց լայնօրէն գործածութիւնը մեր վարժարաններէն ներս իր դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ:
Յետ միջօրէին, եզրափակիչ նիստով, մասնակիցները նախ ունկնդրեցին բանաձեւուած այն մտածումները, որոնք երեք օրերու վրայ տարածուած համագումարի ընթացքին հնչած էին ժողովասրահին մէջ, եւ որոնք հիմքը պիտի կազմեն խմբագրուելիք յայտարարութեան: Ապա, մասնակիցներուն դիմեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, երեք օրերու իր ստացած տպաւորութեան տակ իր եզրափակիչ խօսքը արտասանելու: Վեհափառ Հայրապետը ոչ միայն անդրադարձաւ վերջին երեք օրերու համագումարի աշխատանքներուն ու առաջարկներուն, այլ նախորդ համագումարներէն յամեցող առաջարկներուն, որոնք նոր իրագործումներու ճամբով պէտք է իրենց նպաստը բերեն ընդհանրապէս հայապահպանման ու հայեցի դաստիարակութեան եւ ի մասնաւոր Արեւմտահայերէն լեզու բիւրեղացման գործին:
Եզրափակման հանդիսաւոր պահուն, ընդառաջելով համագումարի մասնակիցներու փափաքին, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան տակ հիմնեց «Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Խորհուրդ»ը: Սոյն խորհուրդը որ բաղկացած պիտի ըլլայ լեզու մասնագէտներէ, յատուկ կանոնագրութեամբ պիտի գործէ, համակարգելով այն հարցերը որոնք առնչուած են Արեւմտահայերէնին, հրատարակութեանց ճամբով եւ այլ միջոցներով իրագործուող:
Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով իր բարձր գնահատանքը ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին ու անոր ժրաջան տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին, Համագումարի իրականացման համար կատարած անդուլ ճիգին համար: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց նաեւ բոլոր մասնակիցները, թէ՛ Լիբանանէն եւ թէ արտասահմանէն, որոնք սիրայօժար եկած էին Մայրավանք, իրենց մտահոգութեան հետ նաեւ նորանոր առաջարկներով լուծում որոնելու, Սփիւռքի համար անժամանցելի այս հարցին:
Նշենք նաեւ, որ եզրափակման օրը տեղի ունեցաւ նաեւ խրախճանք, ի պատիւ բոլոր մասնակիցներուն, որոնք երեք օրերու հեւքոտ աշխատանքը մասամբ նաեւ շարունակեցին խրախճանքի զուարթ միջոցին, նորանոր ծրագիրներու փոխանակումով:
Արեւմտահայերէնը իր խայտաբղէտ կացութեամբ, քննարկումի սեղանին վրայ
Երկրորդ օրն ըլլալով, 19 Օգոստոս 2011-ին շարունակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութիւնը վայելող Կրթական Գ. Համագումարը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, քննարկումի սեղանին վրայ դնելով Արեւմտահայերէն լեզուն, իր ամէն հարցերով ու իր շուրջ ստեղծուած մտահոգութիւններով:
Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներէն ժամանած հոգեւորականներ, մտաւորականներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, մամուլի խմբագիրներ, դասագիրքերու հեղինակներ եւ պատրաստութեան աշխատանքով զբաղող մանկավարժներ գործնական ներդրում կատարեցին համագումարի աշխատանքներուն, իրենց փորձառութիւնը ի սպաս դնելով:
Համագումարը իր երկրորդ օրուան աշխատանքներուն սկսաւ առաւօտեան ժամը 9.30-ին, գումարելով իր Ե. նիստը «Օտար միջավայրերու բառապաշարի, շարահիւսութեան, ատայայտչաձեւերու եւ լեզուամտածողութեան ժխտական անդրադարձը սփիւռքի գաղութներու խօսակցական Արեւմտահայերէնի վրայ» նիւթով: նիստը վարեց Արտա Ճէպէճեան, իսկ այս մասին զեկոյցներ ներկայացուցին Միհրան Քիւրտօղլեան՝ Յունաստանէն, Պարոյր Աղպաշեան՝ Լիբանանէն եւ Սարգիս Կիրակոսեան՝ դարձեալ Լիբանանէն: Զեկոյցներուն լոյսին տակ տեղի ունեցող քննարկումները, ախտաճանաչումներէն անդին անցնելով, միշտ եղան ծրագրաւորման առումով արժէքաւոր, լեզուի պահպանման ու մաքրազտման յառաջիկայ քայլերը նշելով:
Զ. նիստը տեղի ունեցաւ ժամը 11.30-ին, «Օտար լեզուներու եւ Արեւելահայերէնի ազդեցութիւնը գրաւոր ու բանաւոր մամուլին մէջ՝ իբրեւ բառապաշար, շարահիւսութիւն, արտայայտչաձեւ եւ լեզուամտածողութիւն» նիւթով: Նիստը վարեց Վիգէն Աւագեան, իսկ զեկուցաբերներն էին Նազարէթ Պէրպէրեան՝ Յունաստանէն եւ Խաչիկ Շահինեան՝ Սուրիայէն:
Արեւելահայերէնի ու Արեւմտահայերէնի փոխադարձ անհաւասար գործածութիւնը հայ մամուլին ու ընդհանրապէս խօսակցութեան մէջ, կազմեցին սոյն օրակարգի քննարկումի նիւթերը: Մէկուն հզօրացումը ի հեճուկս միւսին, վճռադրոշմ ազդեցութիւն ունեցան սփիւռքեան զանգուածներու վրայ: Հայաստանեան շուկայական հրապարակագրութեան արագ տարածումը, հայերէնագիտութեան անիմացութեան հետեւանքով շուտով որդեգրուեցաւ սփիւռքեան մամուլին կողմէ, ինչպէս նաեւ ներառուեցաւ մեծ զանգուածներու բանաւոր թէ գրաւոր լեզուին մէջ, իբրեւ արտայայտչաձեւ եւ բառապաշար:
Է. նիստը յատկացուեցաւ «Օտարաբանութեան եւ Արեւելահայերէնի ազդեցութիւնը եւ Արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան ներկան» նիւթին: Նիստին ատենապետութիւնը վարեց Ահարոն Շխըրտմեան, իսկ այս մասին մասնագիտական զեկոյցներ ներկայացուցին Յակոբ Պալեան՝ Լիբանանէն, Արամ Սէփէթճեան՝ դարձեալ Լիբանանէն, իսկ Վարդան Մատթէոսեան՝ Միացեալ Նահանգներէն անձամբ չկարենալով մասնակցութիւն բերել, գրաւոր ուղարկած էր իր զեկոյցը, զոր կարդաց Անժէլ Միսիսեան:
Համագումարի աշխատանքային երկրորդ օրուան վերջին՝ Ը. նիստին նիւթն էր «Խօսակցական ու գրաւոր Արեւմտահայերէնի բիւրեղացման ծրագիրի յստակեցումն ու Մշակումը»: Շահան Գանտահարեանի ատենապետութեամբ գումարուած այս նիստի ընթացքին, շօշափուած նիւթը տարբեր տեսանկիւններէ դիտելով, զեկոյցներ ներկայացուցին Սեդա Տատոյեան՝ Միացեալ Նահանգներէն, Անդրանիկ Տագէսեան՝ Լիբանանէն եւ Կարօ Պետրոսեան՝ դարձեալ Միացեալ Նահանգներէն:
Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին բացուող ցանկերը քննարկում կատարողներու, բաւարար չեղան գոհացնելու մասնակիցները, որոնք արտայայտուած մտածումներուն լոյսին տակ իրենց ապրած երկիրներու տեղական պայմանները նկատի ունենալով, հասարակաց մարտահրաւէրներ կը փորձէին գտնել, առաջարկուած լուծումներու պարագային նոյնութիւններ տեսնելու փափաքով: Տեղական գործօնները սակայն կը դժուարացնէին ամբողջական միաձեւութիւն բերելու ճիգը:
Վեհափառ Հայրապետը անձամբ նախագահելով գումարուած բոլոր նիստերուն, եւ լսելէ ետք արտայայտուած մտահոգութիւններ, առաջարկուած լուծումներն ու անոնց հետեւող հետապնդման աշխատանքներու ծրագիրները, հայրապետական իր խօսքով իւրաքանչիւր նիստի աւարտին զտումը կատարեց իրագործելի եւ հաւանական թուացող առաջարկութիւններուն: Ծրագիրները կեանքի կոչելու իրապաշտ մօտեցումով, Նորին Սրբութիւնը կատարեց իր թելադրութիւնները, միշտ ապաւինելով Սփիւռքի սեփական կարողականութիւններուն: Արեւմտահայերէնի կացութիւնը յատկապէս Սփիւռքի խնդիրներէն մին նկատելով, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց սփիւռքահայ բոլոր մասնագէտներուն, ի մի խմբելու մեր ազգի մարդոյժն ու կարողականութիւնը, դուրս բերելու համար մեր լեզուն կորստեան գուբէն:
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի գործակցութեամբ գումարուած Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարը (Պիքֆայա, 18-20 Օգոստոս 2011), իր եռօրեայ աշխատանքներու աւարտին, հիմնուելով 10 նիստերու ընթացքին ներկայացուած 30 զեկոյցներուն, կատարուած քննարկումներուն եւ առաջարկներուն վրայ, յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութեանց.-
Հայախօսութեան նահանջին առաջքը առնելու եւ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանումն ու զարգացումը ապահովելու համար`
Ա. ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ`
1. Հայերէնի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան խայտաբղէտ պայմանները նկատի առնելով` կը շեշտենք ընդհանուր քաղաքականութեան եւ ծրագիրի մը ճշդումի անհրաժեշտութիւնը, ի մտի ունենալով այն իրողութիւնը, որ զուտ կրթական-դպրոցական տագնապ մը ըլլալու կողքին հարցը նաեւ կ’ընդգրկէ հանրային դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը:
2. Ուսումնական-կրթական վերոնշեալ համասփիւռքեան ծրագիրը պիտի կազմէ հիմքը` հայագաղութներու ուսումնական ծրագիրներու մշակումին:
3. Արդէն օտարացած եւ օտարացման վտանգին ենթակայ նորահաս սերունդներու հայախօսութիւնն ու հայկական ինքնութիւնը մշակելու համար, անհրաժեշտ կը գտնենք պատրաստել գիտակից հայը կերտող հայ լեզուի, հայոց պատմութեան, կրօնքի եւ յարակից նիւթերու տպագիր եւ ելեկտրոնային դասագիրքեր, որոնց չափ կարեւոր են զանոնք դասաւանդող ուսուցիչները:
4. Տարբեր միջավայրերու եւ պայմաններու մէջ գործող հայկական վարժարաններուն տպագիր եւ ելեկտրոնային հայերէն դասագիրքերու պատրաստութիւնը վստահիլ սփիւռքահայ մասնագէտներէ կազմուած խմբագրական կազմերու:
5. Հայեցի ոգի փոխանցելու եւ հայերէնաւանդ նիւթերու ուսուցման ի սպաս, առաւելագոյն չափով անյապաղ օգտագործել արդի արհեստագիտութիւնը` համակարգիչ, համացանց, խտասալիկ եւ յարակից բոլոր միջոցները:
6. Հայ լեզուի եւ հայերէնաւանդ նիւթերու ուսուցիչներուն նկատմամբ ցուցաբերել իր կոչումին եւ առաքելութեան համապատասխան արժեւորում եւ գնահատում, հետամուտ ըլլալով որ ուսուցիչին պատրաստութեան եւ մնայուն վերաորակաւորման տրուին յատուկ կարեւորութիւն:
7. Դասագիրքերուն այլազանութիւնը բարիք դարձնելու համար, անհրաժեշտ պայման է, որ անոնց միջեւ պահպանուի հիմնական ներդաշնակութիւն` առաջնորդուելով ուսումնական-կրթական համասփիւռքեան ընդհանուր ծրագիրէն:
Բ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ`
1. Հայ ընտանիքը բացարձակ արժէք է. թէ՜ մանուկին կազմաւորման եւ թէ՜ չափահաս կեանքի ընթացքին հայ ընտանիքը հայախօսութեան եւ հայեցիութեան հիմնական առաջին կռուանն է, ինչ որ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման գործին մէջ մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ հայ ծնողներու ուսերուն:
2. Նորահաս սերունդի հոգեմտաւոր զարգացումը արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանութեամբ հունաւորելու գործին մէջ, հայ եկեղեցին ունի յատուկ դերակատարութիւն:
3. Հայախօսութեան եւ հայեցիութեան կեանքի դպրոց հայ մամուլը, արեւմտահայերէնը աղճատումներէ եւ օտարաբանութիւններէ զերծ պահելու պայքարին մէջ, ունի յառաջապահ առաքելութիւն:
4. Արեւմտահայ գրականութեան աւանդներուն վերանորոգումը հիմնական կարեւորութիւն ունի` անթերի եւ գեղեցիկ արեւմտահայերէնը մեր ժողովուրդին սիրելի դարձնելու, անոր ինքնարտայայտութեան առօրեայ միջոցի վերածելու եւ զարգացման հունով յառաջ մղելու մէջ:
5. Համագումարի ընթացքին արծարծուած հարցերը, մտահոգութիւնները եւ որոշումները պէտք է տանիլ ժողովուրդին եւ կրթական-մշակութային պատասխանատու մարմիններուն, որպէսզի իրենք նաեւ մասնակից դառնան քննարկումներուն եւ հարցերու լուծման գծով բերեն իրենց գործօն մասնակցութիւնը:
6. Մեկնելով վերոնշեալ կէտերէն, համագումարը որոշեց կոչ ուղղել սփիւռքահայ մամուլի եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն, որպէսզի նահանջ եւ ընկրկում չթոյլատրեն արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման ճակատին վրայ: Նաեւ` կոչ ուղղել հայրենի մամուլի եւ զանգուածային լրատուութեան պատասխանատուներուն, յատկապէս հեռատեսիլի կայաններու ղեկավարներուն, որպէսզի դէպի Սփիւռք հեռասփռուող իրենց հաղորդումներուն եւ հրապարակումներուն մէջ, նախանձախնդիր ըլլան հայերէնի անաղարտ պահպանման` օտարաբանութեանց եւ աղճատումներուն առաջքը առնելով, հայացման ճիգին հիմնական եւ առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայելով:
Այս բոլոր ուղղութիւններով ծրագրուած գործնական եւ հետեւողական նպատակասլաց աշխատանք տանելու մարտահրաւէրներուն առջեւ կանգնած է Սփիւռքը: Արդէն իսկ կատարուող աշխատանքներուն կամ առկայ կառոյցներուն յաւելեալ աշխուժութիւն տալու հրամայականը շեշտուած է: Նոյնպէս շեշտուած է սուր պահանջը հայերէնագէտ որակաւոր մարդուժի պատրաստութեան եւ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման զէնքերու արդիականացման: Շեշտուած է մա՜նաւանդ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան պայքարի ամբողջ ճակատը հեղինակաւոր խորհուրդի մը պատասխանատուութեան յանձնելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:
Առ այդ, կ՚առաջարկենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյն գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ իր նախաձեռնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ, գործակցաբար մեր հաւաքական կեանքը ղեկավարող կրթական եւ մշակութային համասփիւռքեան ուժերուն, կեանքի կոչէ արեւմտահայ հայագէտներէ, վաստակաշատ մանկավարժներէ եւ մտաւորական հեղինակութիւններէ կազմուած մարմին մը`
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ:
ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Պիքֆայա, 20 Օգոստոս 2011
Leave a Reply