Ոչնչացուած են թուրք մեսխեթցիներու փաստաթուղթերը


Ամերիկեան փոսային UPS ընկերութիւնը սխալ տեղ ուղարկած է մեսխեթցի թուրքերուն վերաբերող 15 արկղ պատմական փաստաթուղթերը, ուր անոնք ոչնչացուած են: Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական todayszaman.com կայքը, այդ փաստաթուղթերը, որ Թուրքիոյ Հասարակական աշխատանքներու նախարարութիւնը կ’ուղարկէր Թուրքիոյ պետական արխիւներու գլխաւոր վարչութիւն, սխալմամբ հասցուած են Էրկազիի մէջ գտնուող մագուլադուրա յանձնելու բաժանմունք, ուր անոնք ոչնչացուած են:

Փաստին առնչութեամբ սկսած էր հետաքննութիւն, նախարարութիւնը, սակայն, յայտարարած էր, որ միջադէպին համար ոչ թէ ինքն է պատասխանատու, այլեւ Պետական արխիւներու գլխաւոր վարչութիւնը: Մեղաւորը պարզելու համար դատական փաստաթուղթերը ուղարկուած են երկրի վարչապետին:

Կը հաղորդուի, որ ոչնչանցուած փաստաթուղթերուն մեծ մասը կը վերաբերէր թուրք այն մեսխեթցիներուն, որոնք Թուրքիա գաղթած էին 1920–30ականներուն:

Մեսխեթցիները կամ թուրք մեսխեթցիները թուրքալեզու մահմետականներ են, որոնք աւանդաբար բնակած են Խորհրդային Վրաստանի հարաւային շրջանին մէջ, որ որոշ աղբիւրներու մէջ ծանօթ են Մեսխեթ անուանումով:

1944ին ԽՍՀՄ պաշտպանութեան կոմիտէի որոշմամբ` թուրք մեսխեթցիները, իբրեւ գերմանացի ֆաշիստները համակրող, թրքական յատուկ ծառայութիւններու հետ համագործակցող, Վրաստանի Ատիկենի, Ախալցխայի, Ասփինձայի շրջաններէն բռնութեամբ արտաքսուած են դէպի Կեդրոնական Ասիա: Ներկայիս աշխարհի մէջ թուրք մեսխեթցիներու թիւը կը հասնի 500.000ի։

Մեսխեթցիները մեծ թիւ կը կազմեն յատկապէս Ատրպէյճանի, Ղազախստանի, Ռուսաստանի, Խրխըզիստանի եւ Ուզպեքիստանի մէջ:

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2011
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ