Վանի նահանգապետարանը, Աղթամարի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ մէջ 11 Սեպտեմբերին կայանալիք երկրորդ պատարագին ընդառաջ, նաւամատոյց կը կառուցէ:
“Նահանգապետարանը գործող նաւամատոյցի փոխարէն կը կառուցէ մեծ նաւամատոյց, որ պիտի բաւարարէ այցելուներուն պահանջները: Բացի այդ, կը տարուին այլ նախապատրաստական աշխատանքներ եւս` պատարագի համար կղզի ժամանող հիւրերը աւելի լաւ ընդունելու համար”,– թրքական պարբերականի հետ զրոյցին ըսած է Վանի նահանգապետ Միւնիր Քարալօղլու:
Քարալօղլու ըսած է նաեւ, որ այս տարի, կը սպասուի, որ հայեր պիտի ժամանեն նաեւ Իրանէն: Անոր խօսքով` Վան այցելողներուն թիւը, ընդհանուր առմամբ, այս տարի զգալիօրէն աճած է, իսկ այցելուներու հայեր չեն միայն, այլ` օտարերկրացիներ:
Նահանգապետը տեղեկացուցած է, որ իրենք միջազգային կազմակերպութիւններէն նիւթական միջոցներ ստացած են` քանի մը եկեղեցի եւ մենաստան վերանորոգելու համար, իսկ Կտուց եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները պիտի սկսին քանի մը ամիսէն։ Անիկա եւս, իբրեւ թանգարան, բաց պիտի ըլլայ այցելուներուն համար:
Յիշեցնենք, որ Աղթամարի Սուրբ խաչ եկեղեցին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ վերանորոգուած է 2007ին: Միայն երեք տարի անց՝ պաշտօնական Անգարան թոյլատրեց տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցել եկեղեցւոյ մէջ: Առաջին պատարագը մատուցուեցաւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի ձեռամբ` անցեալ տարուան 19 Սեպտեմբերին: Սակայն եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը տեղադրուեցաւ պատարագէն մօտ տասը օր անց:
Tert.am
Leave a Reply