Պատրիարքարանը նորոգուած ու բարեզարդուած


Պատրիարքական Աթոռոյ պատմական շէնքը ենթարկուեցաւ նորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքի։

Ինչպէս ծանօթ է, Մարմարայի շրջանի 17 Օգոստոս 1999ի մեծ երկրաշարժէն ետք դարաւոր Պատրիարքարանը ենթարկուած էր աւելի քան եռամեայ նորոգութեան։ Հակառակ այդ օրուան մասնագէտներու խորհուրդներուն, ըստ որոնց գոնէ շրջան մը շէնքը հիմնական նորոգութեան պէտք պիտի չունենար, արդէն իսկ տեսանելի դարձած էին զանազան տեղեր ներկի եւ յատկապէս փայտերու փճացումը։ Առիթ համարելով ամրան յարմար կլիման, մօտ մէկուկէս ամիս առաջ սկսաւ Պատրիարքարանի նորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքները եւ արդէն իսկ աւարտելու փուլին մէջ են։ Աշխատանքներու շրջանին փոխուեցան այն բոլոր փայտերը, որոնք ժամանակի ու խոնաւութեան պատճառաւ փտած էին։ Ապա ամբողջ շէնքը արտաքնապէս ներկուեցաւ։

Մինչ այդ, նորոգչական աշխատանքներ կատարուեցան համալիրի Գարեգին Բ. Պատրիարք Գազանճեանի անուան հիւրանոցի եւ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան մատենադարանի մէջ, յօտուեցան նաեւ պարտէզի երկու հսկայ ծառերը։

Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2011
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ