ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան հիմնադրութեան տասներորդ տարեդարձին առթիւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի արտասանած խօսքերը դարձեալ բռնկեցուցած են կրակը վարչապետին ու քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան միջեւ։ Էրտողան ըսած էր, որ «դանակը ոսկորին հասաւ», եւ խոստացած էր Ռամատանէն ետք «ահաբեկչութեան դէմ շատ խիստ պայքար»ի սկսիլ: «Հաշուեցուցակը այս անգամ շատ ծանր պիտի ըլլայ», ազդարարած էր ան։
Վարչապետը հեգնական նախադասութիւններով դատապարտած էր նաեւ քրտամէտ կուսակցութեան կողմէ Տիարպեքիրի մէջ հռչակուած «ժողովրդավարական ինքնավարութիւնը», եւ մեղադրած էր այն շրջանակները, որոնք յստակ զանազանութիւն չեն դներ իրենց ու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու միջեւ։
Պատասխանելով Էրտողանին՝ քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի նախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութենէն տարբեր է եւ որ կարելի չէ կուսակցութիւնը նոյնացնել ահաբեկչական կազմակերպութեան մը հետ։
«Բռնարարքներէ այնքան հեռու ենք, որքան կրնանք ժողովրդավարական երկրի մը մէջ ըլլալ», ըսաւ Տեմիրթաշ եւ ակնարկելով վարչապետին խօսքերուն՝ աւելցուց. «Եթէ դուք, որպէս վարչապետ, այսպիսի կուսակցութիւն մը որակէք իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, կը նշանակէ, որ ժողովրդավարութեան հետ դոյզն իսկ կապ չունիք»։ Տեմիրթաշ յիշեցուց, որ իր կուսակցութիւնը վերջին ընտրութեանց ընթացքին աւելի քան 2.5 միլիոն քուէ ստացաւ եւ կուսակցութիւն մըն է, որ իր խմբակը ունի խորհրդարանին մէջ, պնդելով, թէ այսօրուան քաղաքական լարուած վիճակը կուսակցութեան հետ կապ չունի: «Ընդհակառակը, մեր կուսակցութիւնը կրնայ իր նպաստը բերել խաղաղութեան», շեշտեց ան:
Տեմիրթաշ ըսաւ, որ իրենք խորհրդարանը չեն լքած, այլ պարզապէս բողոքի դիրքորոշում մը ունին ներկայիս: «Երեսփոխանները չեն մասնակցիր նիստերուն, բայց խմբակ ունին հոն, եւ կուսակցութիւնը, խորհրդարանէն դուրս մնալով հանդերձ՝ կը շարունակէ քաղաքական իր գործունէութիւնը։ Մենք դռները երբեք չենք գոցած, բայց կը դժուարանանք հասկնալու կարգ մը իրադարձութիւններ։ Օրինակ, հասկնալի չէ այն, ինչ կ՛անցնի կը դառնայ Իմրալըի մէջ (բանտը, ուր կը պահուի ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլա Օչալանը)։ Եթէ քրտական հարցի մնայուն լուծում մը կը փնտռուի, ապա Իմրալըի մէջ գործադրուած դրութիւնը պէտք է վերջանայ», եզրակացուց ան։
Տեմիրթաշի տեղակալ Հասիպ Գափլան եւս պատասխանեց Էրտողանի խօսքերուն՝ ըսելով. «Ըսել, որ դանակը ոսկորին հասաւ ու ասկէ վերջ հաշուեցուցակը շատ ծանր պիտի ըլլայ, կը նշանակէ՝ գործածել լեզու մը, որ ժողովրդավարական չէ։ Վարչապետը կրնար նոր սահմանադրութեան շրջանը առիթ նկատել հաշտութեան համար, բայց ընդհակառակը՝ ան պատերազմ հռչակեց։ Սատտամ Հիւսէյինին կամ Միլոսովիչին դերերը ստանձնել, զինուորական համազգեստ հագնիլ ու ցեղասպանութեան սպառնալիքներ ընել, ասիկա սարսափազդու է։ Վարչապետին խօսքերը անպատասխանատու հայրենասիրութեան մը պատրուակին տակ արտասանուած խօսքեր են, եւ եթէ իմամը այսպէս ընէ, ապա ժողովուրդը իր ճամբէն կը մոլորի»։
http://asbarez.com/arm/107287/
Leave a Reply