Նախարար Պաղըշի Իֆթարին մասնակցեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը


Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան 16 Օգոստոս 2011, Երեքշաբթի, Անգարայի Պիլքէնթ Հիւրանոցին մէջ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան նորահաստատ Նախարարութեան սարքած իֆթարին։

Եւրոմիութեան Նախարար Էկէմէն Պաղըշ, Իսլամաց Ռամազան ամսուան առթիւ սարքուած իֆթարին հրաւիրած էր Թուրքիոյ կրօնական համայնքներու հոգեւոր պետերն ու ներկայացուցիչները։ Այս գիծով, սոյն իֆթարին մասնակցեցաւ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս։

Նորին Սրբազնութիւնը զրոյցի ընթացքին բարեմաղթանքներ ըրաւ Նախարար Պաղըշին եւ այժմէն շնորհաւորեց մօտալուտ Ռամազանի տօնը ու ըսաւ թէ միաստուածեան բոլոր կրօնքները խաղաղութիւն կը քարոզեն, իսկ այսօր աշխարհ աւելի պէտք ունի խաղաղութեան։ Ան, ըսաւ թէ աղօթող է երկրիս, միջին արեւելքի եւ ընդհանրապէս համայն աշխարհի խաղաղութեան համար։

Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2011
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ