ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուցած է, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ուզէ փոքրամասնութիւնները «հաշտեցնել» պետութեան հետ՝ աւելի առողջ կապեր հաստատելով պետութեան եւ փոքրամասնութիւններու միջեւ եւ պետական համակարգին մէջ փոքրամասնութիւններուն աւելի լայն տեղ տալով։ Լրատու գործակալութիւնը նշած է, որ միակուսակցական դրութեան տարիներուն, «փոքրամասնութիւնները ճնշուեցան, Լոզանի դաշինքով տրուած իրենց իրաւունքները չկրցան օգտագործել։ Հակառակ անոր, որ թուղթի վրայ անոնք հաւասար էին թուրք քաղաքացիներուն, գործնական գետնի վրայ բնաւ այդպէս չէին։ Նոյնիսկ փոքրամասնութիւնները կատակով կ՛ըսէին՝ «Պետութիւնը մեզի աղբահաւաք իսկ չ՛ըներ», սակայն այժմ կը տեսնուի, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կ՛ուզէ փոխել այս դրութիւնը»։
«Իհլաս» աւելցուցած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջերս ընթացք տուած էր Լէօ Հալեպլիի դիմումին, որ շահած էր Եւրոպական Միութեան ընդհանուր քարտուղարութեան մրցումը, սակայն Հալեպլի աւելի ուշ մերժած էր այդ պաշտօնը։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր պաշտօն առաջարկեց նաեւ Տարօն Աճեմօղլուին, որ նոյնպէս մերժեց առաջարկուած պաշտօնը։
«Մարմարա» կը նշէ, որ «Իհլաս», այս կերպով, կ՛ուզէ այն տպաւորութիւնը ստեղծել, որ փոքրամասնութիւններուն դիմաց կարգ մը պաշտօններու համար ճամբայ բացուած է։ Սակայն գործնական եւ ընդհանուր գետնի վրայ արդեօք որքանո՞վ կ՛արդարանայ այս տպաւորութիւնը։
Այս նիւթին շուրջ «Սապահ»ի մէջ բաւական խիստ յօդուած ստորագրած էր Էնկին Արտըչ: Ան հետեւեալ խորհրդածութիւնները ըրած է. «Կը կարծէք, որ Թուրքիոյ մէջ պետական պաշտօնեայ ըլլալու համար կը բաւէ, որ Թուրքիոյ հայրենակից ըլլաք, չէ՞. մինչդեռ այդպէս չէ։ Պայման է նաեւ, որ ըլլաք թուրք ցեղէն։ Դուք կրնայիք հրեայ Մորտոհայը հաշուակալ նշանակել ձեր հաստատութեան մօտ, յոյն Էլենիին ալ կրնայիք ձեր տան մաքրութիւնը ընել տալ՝ պարբերաբար կսմիթ մը տալով անոր զիստին, բայց՝ այդքա՛ն։ Թուրքը փոքրամասնութիւններէն մէկուն հետ չէր իսկ կրնար ամուսնանալ։ Նշանաւոր ու փառաւոր Թուրքիոյ մէջ ամէն մարդ հաւասար էր, բայց փոքրամասնութիւնները այնքան ալ հաւասար չէին։ Հայը, յոյնը, հրեան իր տուրքը կը վճարէր, զինուորական ծառայութիւնը կ՛ընէր, բայց պաշտօնեայ չէր կրնար ըլլալ։ Քիւրտը թէեւ կրնար պաշտօնեայ դառնալ, բայց ատոր համար պայման էր, որ ձուլուած, քրտութիւնը մոռցած ըլլար։ Բանակին մէջ նախապէս փոքրամասնութիւններուն հրացան իսկ չէին տար, որպէսզի չսորվին ու օր մը հրացանը մեզի դէմ չգործածեն։ Հիմա արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու կոչ կ՛ընէ, որ փոքրամասնութիւնները դիմեն Թուրքիոյ պետութեան՝ պաշտօնեայ նշանակուելու համար։ Ան կ՛առաջարկէ, որ անոնք մասնաւորաբար մուտք գործեն նախարարութեան շարքերէն ներս, ոչ թէ որպէս Զամպիայի դեսպան եւ այլն, այլ՝ կարեւոր պաշտօններ ստանձնելով։ Հիմա կ՛ուզենք, որ հիւպատոս Վահան մը ունենանք, աւագ դեսպան Մարիա մը կարենանք ունենալ, ինչպէս անցեալին ունէինք արտաքին գործոց նախարար Գարաթոտորի կամ Նորատունկեան փաշա։ Հոգ չէ թէ ընդդիմադիրները պիտի արատաւորեն ու պիտի ըսեն, որ Տաւութօղլուն կը ջանայ վերակենդանացնել օսմանցիութիւնը։ Բայց փոքրամասնութիւններն ալ, թող ներողամիտ ըլլան ու չմերժեն այս պաշտօնները։ Որովհետեւ անկէ ետք կը կորսնցնեն իրենց վիճակէն գանգատելու եւ լալու իրաւունքը»։
http://asbarez.com/arm/107232/
Leave a Reply