ԵՐԵՒԱՆ.- Վերջերս Երեւան ժամանած են հայորդիներ Սասունէն կամ Պոլիսէն, ուր նոյնպէս տեղափոխուած են հայկական Սասունէն: Վերջերս կազմաւորուած «Սասուն» հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ, ասիկա առաջին այցելութիւնն է Երեւան:
80ամեայ սասունցի Եփրեմ պապիկը առաջին անգամն է որ կ՛այցելէ Հայաստան: Եկած է քաջալերելու Համահայկական խաղերու մասնակից սասունցի երիտասարդները: Անոր ոգեւորութիւնը այնքան մեծ է, որ բացման արարողութենէն ժամեր առաջ պատրաստուած էր ու անհամբեր կը սպասէր խաղերու մեկնարկին:
Խաղերու համահայկական նշանակութիւնը կարեւոր կը համարէ նաեւ «Ակօս» թերթի հայկական բաժինի խմբագիր Սարգիս Սերոբեանը: Տարիներ շարունակ հայկական բեկորներու հարցերով զբաղած լրագրողը ոգեւորուած է հայերու միասնութեան ու համախմբման այս գեղեցիկ օրով: Սակայն ան միութիւնը իրական կը համարէ, երբ լիովին վերանայ այդ պատնէշը, որ պայմանաւորուած է հայերէնի ոչ այնքան լաւ իմացութեամբ:
«Մեր հանդիպած մարդիկ օրը կ՛ըսէին ովքե՛ր էք սասունցիներ որ հայերէն կը խօսին շնորհաշատ դնկայ մէջ ջան սասունցիներ որ հայերէն չեն խօսիլ», նշած է Սարգիս Սերոբեան՝ «Ակօս» թերթի հայկական էջի խմբագիր։
Լեզուական դժուարութիւնները, սակայն, երբեք չեն արգիլեր այդ մարդոց՝ իրենց էութիւնը զգալ, ապրիլ անով եւ պահպանել աւանդոյթները:
Սասունցի երիտասարդներուն հայրենիք այցելելու եւ Համահայկական խաղերուն մասնակցելու սոյն առիթը ընձեռած է նորաստեղծ «Սասուն» հայրենակցական միութիւնը: Արսէնը այդ միութեան անդամներէն է: Անոր համար ասիկա գեղեցիկ սկիզբ մըն է, որ շարունակական պիտի ըլլայ:
Այս երիտասարդները շառաւիղներն են այն մարդոց, որոնց համար Սասունը ազատ ու անկախ տեսնելու ցանկութիւնը մնաց իբրեւ կապոյտ երազ, իբրեւ իրական մորմոք: Անոնք հպարտութեամբ իրենց ուսերուն կը կրեն հայերէն տառերով «Սասուն» գրութեամբ գլխաշորեր, ու պատրաստ են ամէն առիթով պարելու աւանդական Քոչարին:
http://asbarez.com/arm/107162/
Leave a Reply