Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները դէմ են թուրքիոյ բոլոր դպրոցներուն մէջ ամէն առաւօտ պարտադրուող աշակերտական երդման (Andımız), սակայն կը վախնան բարձրաձայնել անոր մասին: Այս մասին կը գրէ թրքական Hurriyet Daily News պարբերականը եւ կը նշէ, որ ատոր մասին կը խօսի նաեւ այն փաստը, որ իրենց հետ զրոյցի ընթացքին փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները փափաքած են անանուն մնալ:
“Այդ երդումը անհատին կը ստիպէ մանկուց կտրուիլ սեփական մշակոյթէն: Ատիկա կը վնասէ մարդոց “Ես”ը”,– պարբերականի հետ զրոյցին ըսած է սուրիացի քրիստոնեան: “Ամէն օր ես ստիպուած էի ըսել, որ “Ես թուրք եմ”` չնայած որ հոգիս կը փոթորկէր այն մտքէն, որ չեմ ըսեր` ես սուրիացի եմ: Օր մը ես բացականչեցի, որ ես սուրիացի եմ, անոնք յարձակեցան վրաս` ըսելով` “կէաւուր””,– ըսած է սուրիացին:
Յիշեցնենք, որ ամէն առաւօտ թրքական դպրոցներուն մէջ պարտադրուող այդ երդումը կը սկսի հետեւեալ խօսքերով` “Ես թուրք եմ, ճիշդ եմ, աշխատասէր եմ, սկզբունքային եմ…” արտայայտութեամբ եւ կը վերջանայ աթաթուրքեան “երջանիկ է ան, ով իրեն թուրք կը համարէ” արտայայտութեամբ:
Այդ երդումը պոյքոթի ենթարկելու կոչերով բազմիցս հանդէս եկած է քրտական “Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն” կուսակցութիւնը:
Իսկ հայ եւ յոյն համայանքներու առաջնորդները ըսած են, թէ իրենք հնարաւորութիւն չունին իրենց կարծիքը յայտնելու այնքան հանգիստ, որքան քիւրտերը:
“Ինծի կը զայրացնեն ազգայնամոլական բոլոր յայտարարութիւնները: Մենք չենք կրնար մեր մտքերը նոյնքան հանգիստ արտայայտել, որքան քիւրտերը: Եթէ այդպէս ընենք, ապա վատ իմաստով ուշադրութեան պիտի արժանանանք”,– ըսած է հայ համայնքի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներէն մէկը:
16.08.11
Tert.am
Leave a Reply