Աշխատանքային այց Տիյարպաքըրի եկեղեցւոյ


Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան 15 Օգոստոս 2011, Երկուշաբթի, այցելեց Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին։

Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Վերափոխման տօնի հանդիսապետելէ յետոյ, Նորին Սրբազնութիւնը, երկար ատենէ ի վեր տարուած աշխատանքները քննելու համար, անցաւ Տիյարպաքըր։ Նկատի ունենալով, պաշտամունքի վերաբացման համար նախատեսեալ մօտալուտ թուականը, ան փափաքած էր տեղւոյն վրայ քննել տարուած աշխատանքները ու ընել իր նկատողութիւնները։

Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ տեսաւ որ աշխատանքները կ՚ընթանային ծրագրուած փուլին մէջ եւ շուրջ երկու ամիս ետք կարելի պիտի ըլլայ օծել ու պաշտամունքի վերաբանալ Ս. Կիրակոս հոյակապ եկեղեցին։

Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2011
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ