Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ ամերիկացի ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեսի գրաւոր հարցին, թէ “Մինչեւ 1915 ներկայ Թուրքիոյ տարածքին գործած 2000էն աւելի քրիստոնէական եկեղեցիներէն քանի՞ հատը այսօր կը գործեն իբրեւ եկեղեցի”, պատասխանած է, որ անոնց մեծ մասը: “Քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը, որոնք կը գործէին մինչեւ 1915, այսօր կը շարունակեն գործել իբրեւ եկեղեցի: Որոշ եկեղեցիներ կը գործեն իբրեւ թանգարան, մնացեալը խարխլուած են կամ մզկիթներու վերածուած` չօգտագործուելու պատճառով”,– ըսած է դեսպանը:
“Դեսպան Ռիքարտոնէի կեղծ հիմնաւորումը կը նշանակէ` Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնէական եկեղեցիներու զանգուածային ոչնչացման եւ մինչեւ 1915ի բնաջնջման այդ սրբավայրերը այցելած միլիոնաւոր քրիստոնեայ հաւատացեալներու ճակատագրի կոպիտ անտեսում”,– յայտարարած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Արամ Համբարեան եւ աւելցուցած, որ դեսպան Ռիքարտոնէի պատասխանը ցոյց կու տայ, որ ան Անգարայի մէջ ի վիճակի չէ արդիւնաւէտ կերպով ներկայացնել ամերիկեան արժէքները:
Յանձնախումբի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ այժմեան Թուրքիոյ տարածքին 1915ին գործած 2000էն աւելի հայկակական եկեղեցիներէն այսօր կը գործեն նուազ քան 50ը:
Tert.am
Leave a Reply