Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ աւանդական ուխտագնացութիւնը կը կատարուի հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։
Սրբազան Հայրը պիտի մասնակցի շաբաթ (13 Օգոստոս 2011) երեկոյեան եւ գիշերուան հանդիսութեանց, ինչպէս նաեւ պիտի հանդիսապետէ Կիրակի (14 Օգոստոս 2011) առաւօտեան Ս. Պատարագին, որ պիտի մատուցուի տեղւոյն Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի։
Այս առթիւ թէ՛ քաղաքէս եւ թէ՛ արտասահմանէն կը ժամանեն բազմաթիւ ուխտաւորներ ու հիւրեր։
Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու
Leave a Reply