Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի նախագահին դէմ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թ. Էրտողանի կողմէ բարձրացուած աղմուկը նպաստեց Թուրքիայէն հայկական հողային պահանջները միջազգային հանրութեան ներկայացնելուն:
Խեղաթիւրելով եւ չափազանցելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Յուլիս 23ին Ծաղկաձորի մէջ խումբ մը աշակերտներու հարցումներուն տրուած պատասխանները՝ Էրտողանը «մրջիւնէն փիղ սարքեց»: Ամէն ոք, որ կը կարդայ Հայաստանի նախագահին իսկական բառերը, հազիւ թէ հաւատայ, որ անոնք կրնային պատճառ ըլլալ Էրտողանի բերանին փրփրալուն:
Արարատ մարզի Շահումեան միջնակարգ դպրոցէն Գրիգոր Համբարձումեանը հարցուց նախագահ Սարգսեանին. «…Ինձ հետաքրքրում է՝ մեզ սպասո՞ւմ է ապագայ, որը յիշեցնելու է Պաթումի պայմանագիրը, որի ժամանակ մի գերմանացի դիւանագէտի վկայութեամբ՝ մեզ Սեւանում լողալու տեղ թողեցին, սակայն չորանալու տեղ չթողեցին, թէ՞ ապագայ, որը մեզ կը վերադարձնի Արեւմտեան Հայաստանը՝ Արարատով հանդերձ»:
Նախագահ Սարգսեանը հանգիստ պատասխանեց. «Այդ ամբողջը կախուած է քեզնից եւ քո սերնդից: Իմ սերունդը, կարծում եմ, իր առջեւ դրած պարտականութիւնը կատարեց, երբ 90ական թուականների սկզբներին անհրաժեշտ էր մեր հայրենիքի հատուածներից մէկը՝ Ղարաբաղը, պաշտպանել թշնամիներից, մենք կարողացանք դա անել… Ուզում եմ ասել, որ իւրաքանչիւր սերունդ իր պարտականութիւնն ունի, եւ այդ պարտականութիւնը պէտք է կարողանայ կատարել ու՝ լաւ կատարել: Եթէ դու եւ քո հայրենակիցները ջանք ու եռանդ չխնայէք, եթէ ձեզնից աւագներն ու ձեզնից կրտսերները ձեզ նման վարուեն, մենք ունենալու ենք աշխարհի լաւագոյն երկրներից մէկը: Հաւատա՛, որ շատ դէպքերում՝ հողի չափերով չէ երկրի կշիռը որոշւում. երկիրը պէտք է լինի ժամանակակից, երկիրը պէտք է լինի անվտանգ, լինի բարեկեցիկ, եւ սրանք այն պայմաններն են, որոնք հնարաւորութիւն են տալիս ցանկացած ժողովրդի՝ նստել աշխարհի յայտնի, ուժեղ, ճանաչուած ժողովուրդների կողքին: Բոլորս մեր պարտքը պէտք է կատարենք, բոլորս պէտք է լինենք ակտիւ, պէտք է լինենք աշխատասէր, կարողանանք բարիք ստեղծել: Իսկ մենք դրան կարող ենք հասնել, շատ հանգիստ կարող ենք հասնել, եւ մէկ անգամ չէ, որ պատմութեան ընթացքում հասել ենք դրան: Ես դրանում չեմ կասկածում եւ ուզում եմ, որպէսզի դու էլ չկասկածես: Մենք մի ժողովուրդ ենք, որ, այո՛, փիւնիկի պէս միշտ յառնում ենք»:
Նախագահին եւ երիտասարդ աշակերտի մը միջեւ այս պարզ զրոյցը հունէն հանեց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները: Երկու երկիրներուն լրագրողները կը փորձէին մէկը միւսը գերազանցել իրենց ջղագրգիռ արձակումներով Հայաստանի վրայ՝ մեղադրելով նախագահ Սարգսեանը «Արարատ լեռը եւ Արեւելեան Թուրքիան գրաւելու հարցով հայ երիտասարդները դրդելուն համար»: Վիրաւորական արտայայտութիւններ տեղացին Հայաստանի նախագահին վրայ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի, փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչի, նախարար Էկեմեն Պաղըշի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ: Ամբոխները հրահրելու նպատակով, Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ կազմակերպուեցան ցոյցեր, որոնց ընթացքին հրկիզուեցաւ նախագահ Սարգսեանի պատկերը:
Ապշեցուցիչ էր այն, որ Էրտողան համարձակութիւն ունեցաւ նախագահ Սարգսեանէն ներողութիւն պահանջելու: Ներկայիս, Իսրայէլի, Գերմանիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներէն ներողութիւն պահանջելու հարցով՝ Թուրքիոյ վարչապետը կը պարտուի 3-0 արդիւնքով: Էրտողան պէտք չէ շունչը պահած սպասէ Հայաստանի ներողութիւն խնդրելուն: Նախքան այսպիսի անտրամաբանական պահանջք ներկայացնելը, Թուրքիոյ ղեկավարները պէտք է նախ ներողութիւն խնդրեն Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու ոճիրին համար եւ վերադարձնեն հայկական գրաւուած բոլոր տարածքները, ներառեալ՝ Արեւմտեան Հայաստանը եւ Արարատ լեռը, ինչպէս առաջարկեց հայկական կազմակերպութիւններուն կողմէ յարգանքի արժանի այս խորագիտակ ուսանողը, որ պէտք է օրինակ ծառայէ երիտասարդ սերունդին համար:
Ի՞նչն էր թուրքերուն եւ ատրպէյճանցիներուն զայրոյթին իսկական պատճառը: Արդեօք Էրտողանի թարգմանի՞չն էր վատը, թէ պարզապէս՝ իր մտադրութիւնները: Հաւանաբար վերջին տարբերակն է: Ան իր յիմար խօսքերը յայտնեց անցեալ շաբաթ Պաքուի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ՝ կանգնած նախագահ Ալիեւի կողքին: Էրտողան հաւանաբար կ՛ուզէր տպաւորել իր «կրտսեր եղբայրը» իր հակահայկական մոլուցքով եւ միջազգային հանրութեան կեղծ պատճառաբանութիւններ ներկայացնելով՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններու հարցով իր խօստումը չպահելուն եւ Հայաստանի հետ սահմանը չբանալուն համար: Թերեւս ան կը փորձէր չափազանց կոշտ ըլլալ, որպէսզի Հայաստանի ոեւէ պաշտօնատար անձ այլեւս չակնարկէ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներուն:
Այս դրուագը կը վկայէ, որ Հայաստանին պարտուողական արձանագրութիւններ պարտադրելու միջոցով պատմական անարդարութիւնները թաքցնելը՝ վերջ չի դներ զոհ դարձած ժողովուրդի արդարացի պահանջներուն: Հայ-թրքական հակամարտութիւնը չի կարգաւորուիր, այնքան ատեն որ արդարութիւնը չէ վերականգնած հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Արդարութիւն հայցելը բոլո՛ր հայերուն՝ ներկայի եւ գալիք սերունդներուն խնդիրն է: Խաղաղութիւն պիտի չըլլայ Թուրքիոյ համար, առանց հայերուն նկատմամբ արդարութեան:
Այս տպաւորիչ ուսանողին եւ նախագահ Սարգսեանին երախտապարտ ըլլալէ բացի, հայերը պէտք է նաեւ շնորհակալ ըլլան վարչապետ Էրտողանին՝ իր ջղագրգիռ եւ սուր արձագանգին համար, որ օգնեց հրաւիրելու միջազգային մամուլի եւ համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը՝ հայկական տարածքային պահանջներուն վրայ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Leave a Reply