ՊՈԼԻՍ, «Փանորամա».- Թուրքիոյ «Թարաֆ» թերթի յօդուածագիր , «Արարատը տանք… » վերտառութեամբ յօդուածին մէջ անդրադարձած է հայութեան համար Մասիս սարի բացառիկ կարեւոր ու սուրբ նշանակութեան:
Քայեան կ՛ընդգծէ, որ Արարատը իւրայատուկ դեր ունի հայոց պատմամշակութային ինքնութեան մէջ: Ան նոյնիսկ կը նշէ, որ Արարատը իր ողջ պերճաշքութեամբ, կ՛երեւի միայն հայկական կողմէն, ոչ՝ Թուրքիայէն: Ըստ թուրք յօդուածագիրին, պարզ է, որ հայութեան համար կորուսեալ Արարատը վերադարձնելը կը տարբերի զուտ տարածքային ընդլայնման պարզ քաղաքական միտումէ:
«Աղրը լեռը (Արարատը) հայերուն համար շատ կարեւոր է, իսկ մեզի համար՝ միւս լեռներէն չի տարբերիր: Ու ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ցամաքային նոյնաչափ տարածքով զայն փոխանակենք հայերուն հետ՝ այդպիսով խաղաղութեան ճանապարհին մեծ քայլ կատարելով», յօդուածին հեղինակը հարց ուղղած է իր զրուցակիցին: Վերջինս լրջօրէն անհանգստացած է այդ առաջարկէն եւ անիրագործելի համարած է զայն, քանի որ Արարատը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի:
Սերդար Քայեան յամառօրէն կրկնած է հարցումը՝ այս անգամ, առաջարկելով, որ աւելի մեծ հողատարածքի դիմաց Արարատը յանձնել հայերուն: Քայայի բնութագրումով, «Զրուցակիցը այլ փաստարկ չկարողանալով գտնել՝ ուղղակի դասական պատասխան տուած է, թէ կարելի չէ նման բանի մասին նոյնիսկ մտածել, քանի որ հայրերուն հողը սուրբ է»:
Այս օրինակով թուրք յօդուածագիրը նկատել կու տայ, որ մտածելակերպի փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն մը կայ, այլապէս՝ խաղաղութեան ճանապարհը անհասանելի պիտի մնայ, յիշեցնելով Ալպերթ Այնըշթայնի հետեւեալ միտքը. «Խնդիրները չեն կրնար լուծուիլ մտածողութեան այն մակարդակով, ուր անոնք ստեղծուած են»:
http://asbarez.com/arm/106608/
Leave a Reply