Պոտրումի մէջ դաժանօրէն սպաննուեցաւ նախկին իսթանպուլահայ 74-ամեայ Արման Ազաք

«Տօղան» գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ 30 Յուլիսի երեկոյեան ժամերուն, Պոտրումի արձակուրդային աւաններէն մէկու առանձնատան մէջ դաժանօրէն սպաննուեցաւ նախկին Իսթանպուլահայ, ներկայիս ամերիկաբնակ 74ամեայ Արման Ազաք։

30 Յուլիսի երեկոյեան ժամերուն Արման Ազաք հեռաձայն բացած է ոստիկան զօրաց Պոտրումի բաժին եւ յայտնած որ ինք դաշունահարուած է։ Ոստիկան զօրաց պաշտօնեաներն ու շտապօգնութեան ծառայութեան աշխատակիցները անմիջապէս դէպքի վայր փութացած են եւ առանձնատան սրահին մէջ յայտնաբերած 74ամեայ Արման Ազաքի արիւնաշաղախ անշունչ մարմինը։ Դատաբժշկական փորձաքննութեամբ յայտնի դարձած է որ 74ամեայ նախկին իսթանպուլահայը դաժանօրէն ծեծի ենթարկուած է մահակով եւ ստացած ոսկորներու բազմաթիւ բեկումներ, յետոյ դաշունահարուած է աւելի քան 30 տեղէն։

Ոստիկանութիւնը պարզած է որ սպանեալի գրպաններու եւ տան մէջ առկայ մեծ գումարներն ու թանկարժէք իրերը չեն անհետացած, ինչ որ թոյլ կուտայ պնդել որ սպանութիւնը հաւանաբար այլ դրդապատճառներով կատարուած է։ Արձակուրդային աւանի հսկողութիւնը իրականացնող աշխատակիցներն ու աւանի ղեկավարները կանչուած են ոստիկանութիւն՝ հարցաքննութեան համար։

«Մարմարա»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2011
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ